Սպանիոյ Չիրիւեյեայ քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Չիրիւեյեայ քաղաքը միացաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած սպանական քաղաքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը:

Չիրիւեյեան վերջին ամսուան ընթացքին  Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցած երրորդ սպանական քաղաքն է: Մարտ 26-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը Փինթօ քաղաքը, Մարտ 17-ին նմանատիպ որոշում ընդունեց Սպանիոյ Պետերա քաղաքի քաղաքապետարանի լիագումար խորհուրդը, կը գրէ
armeniangenocide100.org-ը:

Վերջինիս որոշման մէջ կը նշուի, որ 1915-1921թթ, յատկապէս երիտթուրքերու վարչակարգի ընթացքին, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի կոտորածներու եւ տեղահանումներու  շարք մը, որուն ժամանակ զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր, եւս 2 միլիոնը ստիպուած եղան լքել իրենց բնակավայրերը եւ ապաստան գտնել ամբողջ աշխարհի մէջ` ստեղծելով հայկական սփիւռքը:

Scroll Up