Յայտնի են Ապրիլ 24-ին Հայաստան այցելող Գանատայի 3 պատուիրակներու անունները

Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պաշտօնական նախաձեռնութիւններուն Գանատան պիտի մասնակցի յատուկ պատուիրակութեամբ:

Պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ Գանատայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Քրիս Ալեքսանդրը: Հայաստան պիտի ժամանեն նաեւ Գանատայի բազմամշակութային հարցերու նախարարի խորհրդարանական քարտուղար Չանկ Սանկ Լիոնկը եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խումբի ղեկավար Հարոլտ Օլպրախտը:

Այս մասին “Հայերն այսօր”-ին կը տեղեկացնեն Չանկ Սանկ Լիոնկի գրասենեակէն:

Scroll Up