Աւստրալական Ուիլապիի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միջնորդագիր
Սիտնէյի հիւսիսային ափին գտնուող աւստրալական Ուիլապի վարչական տարածքի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միջնորդագիր:
Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի փոխանցմամբ` Մայիս 11-ին Ուիլապիի քաղաքային խորհուրդը քննարկած է միջնորդագիրը, որուն մէջ կը նշուի. “Ուիլապի քաղաքի խորհուրդը կը ճանչնայ հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու դէմ Օսմանեան կառավարութեան կողմէն 1915-1922 թուականներու ընթացքին իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ այս եւ միւս բոլոր ցեղասպանական գործողութիւններն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները` իբրեւ անհանդուրժողականութեան բացարձակ դրսեւորում”:
Միջնորդագիրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարին ներկայացուցած է աւստրալահայ համայնքի վաղեմի բարեկամ, քաղաքային խորհուրդի անդամ Ճոն Հուփերը:
Այս կերպ Ուիլապին դարձաւ աւստրալական երկրորդ ինքնակառավարման մարմինը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այստեղ կը բնակին հազարաւոր հայեր, կը գործեն հայկական եկեղեցիներ եւ համայնքային կեդրոններ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին ինքնակառավարման մարմինը եղած է Ռայդ քաղաքը: