Իրաքահայերը Թուրքիայէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

«Հայերն այսօրի» տեղեկացմամբ՝ «almadapress»   կայքէջը   կը հաղորդէ`

Շաբաթ`Մայիս 23-ին, իրաքահայերը Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջեցին ճանչնալ ցեղասպանութեան յանձագործութիւնը, որ կատարուեցաւ իրենց հանդէպ 100 տարի առաջ: Գիտակցելով որ կատարուած յանցագործութիւնները չեն վերանար վաղեմութեան պատճառով, անոնք շեշտեցին որ պիտի շարունակեն ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ մինչեւ իրենց նպատակներու իրականացումը:

Համագումարի աշխատանքներուն առընթեր, որ կայացաւ Պաղտատի կեդրոնը գտնուող   Միլիա Մանսուր հիւրանոցին մէջ, Իրաքի գիտութեանց եւ տեխնոլոկեաներու նախարար Ֆարս Ճէճճուն almadapress -ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, «Այս  համագումարը կազմակերպուեցաւ փաստելու երկու իրականութիւն. առաջինը` որ յանցագործութիւնները չեն վերանար վաղեմութեան պատճառով եւ երկրորդը, որ մարդկային կեանքի սրբութիւնը վեր է ամէն բան է: Հայերը Իրաքի մէջ պատրաստ են նման համագումարներով ճնշում գործադրել Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ, որ ան ընդունի 100 տարի առաջ իր կատարած յանցագործութիւնը հայերուն հանդէպ : Շարունակելով իր խօսքը նախարարը ըսաւ` յանցագործութիւնը ընդունիլը նսեմացում չէ` այլ քաջութիւն որմով կը սպիանայ վէրքը եւ այդպիսով թրքական կողմը իր մեղքը ճանչնալով մէկ սեղանի շուրջ երկխօսութեան կը նստի:

Համագումարին մասնակցած Իսլամ կղերական Ճա’աֆար Ալ-Ասատին նաեւ almadapress-ին հետ հարցազրոյցին ըսաւ, «Մեր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հայերուն առաջին անգամ չէ…ինչ կատարուեցաւ հայերուն հանդէպ 100 տարի առաջ եւ Իրաքի մէջ այս օրերուն, տարբեր անուանումներով նոյն յանցագործութիւնն է»: Ան իր զարմանքը յայտնեց, որ Թուրքիան 100 տարի առաջ իր կատարած յանցագործութիւնը չի ճանչնար… : «Մենք իբրեւ Իսլամներ կ’աջակցինք հայերուն մինչեւ իրենց նպատակներու իրականացումը» եզրափակեց ան:

Յիշենք որ բազմաթիւ թիւով իրաքահայեր մայրաքաղաք Պաղտատին մէջ ցոյցի դուրս եկան պահանջելով  Թուրքիայէն ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, քանի որ այդ քայլով խաղաղութեան հորիզոնները պիտի բացուին: Այսօր “ՏԱՀԵՇ” ծայրայեղական խմբաւորումի գործողութիւնները կը յիշեցնեն հայոց նկատամամբ կատարուած բնաջնջումը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջին ցեղասպանութիւնն էր նորագոյն պատմութեան մէջ որուն նպատակն էր ոչնչացնել հայ ժողովուրդը եւ, որ օսմաեան կայսրութեան ժառանգորդ` Թուրքիան կը մերժէ ճանչնալ զայն:

Scroll Up