Լիոնը կ’ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Ֆրանսական lyoncapitale.fr կայք-էջի յօդուածագիր Փոլ Տալաս կ’անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն.

-Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս Լիոնի քաղաքապետարանը  շարք մը ձեռնարկներ  նախաձեռնած է, որոնք նուիրուած են 1915 թուականի ողբերգական դէպքերուն:

Նախատեսուած են ցուցահանդէսներ, յուշ-երեկոներ, համերգներ, գիտաժողովներ, որոնք պիտի յիշատակեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացին աւելի քան 1,5 միլիոն մարդ: 2015 թուականին Լիոնը կը ցանկայ պատգամ փոխանցել` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան առիթով, որպէսզի կասեցուին մարդկութեան դէմ կատարուող բոլոր ոճրագործութիւնները:

Ձեռնարկները նախատեսուած են Մարտ-Յունիս ամիսներուն :

. Ցուցահանդէսներ

Մարտ 5-էն մինչեւ Մայիս 16 Պիւլիւքեան հիմնադրամի սրահին մէջ լուսանկարիչ Խաժակ Օհանեան պիտի ներկայացնէ անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէներ, որոնք նպատակ ունին դատապարտելու Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած բարբարոսութիւնները: Լուսանկարներէն 14-ը մեծածաւալ են, կը ներկայացնեն Հալէպի տեսարանները, որոնք կ’ընդգրկեն պատմաբաններու, փիլիսոփաներու դիտարկումները:

Ապրիլ 3-էն Յունիս 13 «Երկնքի կապոյտը» պատկերասրահին մէջ պիտի ներկայացուի լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի «Լռութեան ճիչը» խորագիրով ցուցահանդէսը: Նկարիչը նկարներու միջոցով կ’առաջարկէ վերակենդանացնել հայկական յիշողութիւնը: Լուսանկարիչը Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդի միակ հայն է, որուն լուսանկարները ցուցադրուած են Թուրքիոյ մէջ: Լուսանկարները նպատակ ունին իբրեւ ռահվիրա, կենդանի վկայութիւն` ծառայելու գեղարուեստին:

 

Համերգներ

Աշխարհահռչակ System of a Down-ի  «Wake Up The Souls Tour» համերգային շրջագայութիւնը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, պիտի ներկայացուի «Թօնի Կարնիէր» դահլիճին մէջ: Խումբը, որուն բոլոր անդամները հայեր են, Ֆրանսայի քաղաքներէն ընտրած է Լիոնը` իր իւրայատուկ համերգաշարը ներկայացնելու համար: Ապրիլ 14-ին նախատեսուած համերգի բոլոր տոմսերը արդէն սպառած են:

Լիոնի մէջ ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Արապելլա Ադայնպախեր եւ Վարդան Մամիկոնեան: Ապրիլ 24-ին ժամը 22 :30–ին կայանալիք «Հարիւր համերգ` ի յիշատակ 1915-ի հայերուն» խորագիրով համերգին աշխարհահռչակ ջութակահարին պիտի նուագակցի ռոմանթիկ երգացանկ ունեցող դաշնակահարը:

Դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ

Լիոնի մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ: «Հայերը. Սփիւռքի ժողովուրդի պատմութիւնը» խորագիրով գիտաժողովը կը կայանայ Ապրիլ 3-ին, ժամը 19:30-ին, Լիոնի առաջին թաղամասի համայնքային գրադարանին մէջ:

Ապրիլ 15-ին, Լիոնի 3-րդ թաղամասի թաղապետարանը պիտի կազմակերպէ յուշ-երեկոյ` յիշատակելու երեք ցեղասպանութիւնները` հայերու, հրեաներու եւ տուրզիներու:

Մայիս 6-ին «Խաչաձեւուած նայուածքներ. Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագիրով գիտաժողովի բանախօսը թուրք տարագիր գրող Փինար Սելեքն է, որ այսօր կ’ապրի Ֆրանսայի մէջ:

Սեմինարները կ’աւարտեն Լիոնի համալսարանի մէջ Յունիս 20-ին կայանալիք «Կրօնական գործօնի դերը ցեղասպանութեան գործընթացին» խորագիրով գիտաժողովով, ուր պիտի բանախօսեն մարդկութեան դէմ իրականացուող յանցագործութիւներու մասնագէտներ Ժան Փիեռ Մահեն եւ դոկտոր Իւ Թերնոն:

Հ.Գ. Վերջին տարիներուն Լիոնը սերտ կապեր  հաստատած է Հայաստանի հետ: Լիոնը եւ Երեւանը քոյր քաղաքներ են: Լիոնի շրջակայ տարածքին մէջ հայկական համայնքը շուրջ 40 հազար անդամ ունի, իսկ Ռոն Ալպ շրջանին մէջ` 135 հազար:

Թարգմանութիւնը` «Հայերն այսօրի»

Scroll Up