Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի «20 կախաղաններ»-ը` թրքերէն թարգմանուած գիրքի շապիկին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/0174.jpg)
2015 թ-ի Հոկտեմբեր 29-ին ստացայ ելեկտրոնային նամակ մը Սթամպուլի «Evrensel Publishing House»-ի ներկայացուցիչին կողմէ, որմով կը հայցէին իմ հեղնակային համաձայնագիրը կրկնօրինակելու իմ` 1976 թ-ին նկարած «20 կախաղաններ» ստեղծագործութիւնը` որպէս գիրքի շապիկ:
Նամակին մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուէր.
«Մեր հեղինակ Նեւզաթ Օնարան «Հայ եւ յոյն կալուածներու թրքացումը օսմանեան կայսրութեան եւ հանրապետութեան մէջ» թեմայով հետազօտութիւններու ընթացքին պատահաբար հանրային գրադարանին մէջ յայտնաբերած է Եդուարդ Չօփուրեանի «20 կախաղաններ» գիրքը `խմբագրուած նահատակներու բարեկամներու, ինչպէս նաեւ ականատեսներու վկայութիւններու վրայ եւ հրատարակուած 1921 թ-ին Սթամպուլի մէջ ի յիշատակ նահատակուած Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան 20 անդամներուն: Այս գիրքը Արիս Նալճին հայերէնէ թարգմանած է թրքերէնի` «Փարամազ: Պայազետի 20 կախաղանները» վերնագիրով , որ պիտի մատուցուի թուրք ընթերցողին: Հետեւաբար մենք խոնարհաբար կը հայցենք Ձեր թոյլտուութիւնը` օգտագործելու Ձեր արուեստի գործը` որպէս վերոյիշեալ գիրքի շապիկ` համոզուած ըլլալով , որ այն կու տայ գիրքին բացառիկ նշանակութիւն»:
Վերոյիշեալ նամակին կցուած էր նաեւ 1921 թ-ին հրատարակուած` Եդուարդ Չօփուրեանի գիրքի կրկնօրինակը, թրքերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքի շապիկի նախնական ձեւաւորումը, ուր նկարէն միայն հատուած մը պատկերուած էր: Ուղարկուած նիւթերը ուսումնասիրելէ յետոյ, նպատակայարմար գտայ ընդառաջել այն պայմանով, որ գիրքի շապիկին նկարը ըլլայ ամբողջական, ինչպէս նաեւ հեղինակին անունը` Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան, նկարի ստեղծման թուականն ու պատմութիւնը նշուած ըլլան գիրքի առաջին էջին վրայ:
Յաճախելով Երեւանի գեղարուեստաթատերական ինստիտուտը` 1976 թ-ին որպէս աւարատական տիպլոմային աշխատանք ընտրած էի Հայոց ցեղասպանութեան թեման` իմ աշխատանքիս մէջ պատկերելով «20 կախաղանները» : Այս հսկայական աշխատանքի գաղափարը ծնած էր իմ մտքիս մէջ վաղ դպրոցական տարիներուն, երբ ամէն տարի Յունիս 15-ին, բոլոր աշակերտներով կը հաւաքուէինք Հալէպի Կիլիկիան վարժարանի բակին մէջ ` լսելու տնօրէնի ոգեշունչ ելոյթը եւ յարգելու քսան նահատակներու յիշատակը:
Ըլլալով Հալէպի Կիլիկիան ճեմարանի շրջանաւարտ` որոշեցի նկարը նուիրել Հալէպի Հնչակեան ակումբին, եւ նոյն թուականին իմ խնդրանքով վերոյիշեալ աշխատանքը Սփիւռքի կոմիտէի օժանդակութեամբ Երեւանէն տեղափոխուեցաւ Հալէպ, որմէ յետոյ նկարին մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չեմ ստացած:
40 տարի անց 20-ներու արձագանքը լսուեցաւ Սթամպուլէն, եւ սոյն թուականի Նոյեմբեր 7-ին, «Evrensel Publishing House»-ը իմ ստեղծագործութիւնս, որպէս «Փարամազ: Պայազետի 20 կախաղանները» թրքերէն թարգմանուած գիրքի շապիկ, ներկայացուց Սթամպուլի գիրքի 34-րդ միջազգային ցուցահանդէսին, որ գիրքի ամենամեծ տօնավաճառն է Թուրքիոյ մէջ, իսկ Նոյեմբեր 8-ին Evrensel հրատարակչութեան կողմէ յատուկ ձեռնարկի մը ծիրէն ներս քննարկուեցաւ գիրքը, ինչպէս նաեւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը իր 100-րդ տարելիցին» թեման:
100 տարի անցած է այն օրէն, երբ Փարամազի եւ անոր 19 ընկերներու անշունչ մարմինները կը ճօճուէին Սթամպուլի գորշ երկնակամարի ներքոյ, բայց անոնց ուրուականները մինչ այսօր կը թափառին Սթամպուլի փողոցներուն մէջ, կը թափանցին սերունդներու ենթագիտակցութեան մէջ` անգամ մը եւս համոզուելու, որ տարիներու փոշին չի կրնար մոռացութեան մատնել ` իր մէջ թաքցնելով ճշմարտութիւնը` ստիպելով Թուրքիոյ վաղ թէ ուշ հաշուի նստիլ իր անցեալին հետ` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը` որպէս արդարութեան ուշացած արձագանք:
Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան