«Նամակ Թուրք Հասակակիցիս. Վերադարձու՛ր Ինծի Իմ Հայրենիքս …». Արփի Պետրոսեան
Բա´րեւ թուրք հասակակից: Նախքան այս տողերը թուղթին յանձնելս` շատ մտածած եմ, թէ որո՞ւն պիտի գրեմ, ինչու՞ պիտի գրեմ: Կ’ուզեմ, որ ըսելիքս ճիշդ ընկալես, որովհետեւ անկէ կախուած պիտի ըլլայ իմ ու քու ապագան: Չեմ կարծեր, որ այսքան կը դժուարանամ խօսքս շարադրելու. գուցէ պատճառը թուրք ըլլա՞լդ է: Երբեք չեմ մտածած, թէ ազգութիւնը կապ կ’ունենայ մարդու հետ յարաբերելուս. մարդը` մարդ է` անկախ ազգութենէն, մաշկի գոյնէն: Բայց սա այդ դէպքը չէ. դուն թուրք ես, ու ես կը դժուարանամ քեզի նամակ գրելու:
Անունս Արփի է, ծնած եմ Իրաքի մէջ, ուր նախնիներս յայտնուած են ո´չ իրենց կամքով: Այսօր կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ, իմ այն բուռ մը հայրենիքին մէջ, որ փոքրացած է քու նախնիներուդ շնորհիւ: Զարմացա՞ծ ես…
Կը փորձեմ պատկերացնել քու դէմքդ, աչքերուդ արտայայտութիւնը, դիմախաղը, երբ կարդաս նամակս: Դուն հաւանաբար գիտես, թէ քու նախնիներուդ պատճառով որքան մենք տառապած ենք, խոշտանգուած, անմարդկային կտտանքներու ենթարկուած, տեղահանուած: Գիտես նաեւ, որ վերստին վերագտած ենք մենք մեզ, ուր ալ եղած ենք, ուր ալ հասած` շինած ենք կամուրջ, կապած ենք կամար, ամէն տեղ հերկած, հասցուցած բերքեր, բոլորին տուած միտք, առած, երգեր…
Կը ճանչնա՞ս Պարոյր Սեւակը, ան հայ բանաստեղծ է: Անոր «Մենք քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը (եւ ոչ միայն) մարտահրաւէր է քու ազգիդ կողմէ կատարուած նախճիրին: Դուն նոյնպէ՞ս կը կարծէս, որ պէտք չէ ընդունիք Ձեր մեղքը, ոճիրը, եղեռնագործութիւնը: Միթէ՞ խիղճդ քեզ չի տանջեր, միթէ՞ հոգիիդ վրայ չէ ծանրացած միլիոնաւոր զոհերու թափուած արիւնը: Աւելի լաւ չըլլա՞ր , եթէ ընդունիս մեղքդ, յանցանքդ, փորձես մաքրագործուիլ ու ապրիլ, թերեւս, թեթեւցած կեանքով:
Դուն չե՞ս երկնչիր այն միտքէն, որ կը քալես, կ’ապրիս այն հողին վրայ, որ քուկդ չէ, որ ներծծուած է հայու սուրբ արիւնով: Դուն ի՞նչ սրտով կ’ապրիս, չէ՞ որ ես թոյլ չեմ տուած քեզի ապրելու իմ հողին վրայ, իմ տան մէջ: Դուն գողի, մարդասպանի ժառանգ ես…
Բայց ընդունելով քու 100-ամեայ մեղքդ` դուն կրնաս փոխուիլ: Կը լսե՞ս ինծի, մտածէ՛, փորձէ՛ քայլ առնել, փորձէ՛ Մարդ դառնալ: Չէ՞ որ Աստուած ինծի ու քեզի իր պատկերով ստեղծած է, մի՛ ըմբոստանար Աստուծոյ դէմ, փորձէ՛, գուցէ յաջողիս՞… Դուն դեռ ժամանակ ունիս փոխուելու, օգտուի՛ր քեզի ընձեռուած հնարաւորութենէն եւ մաքրագործուիր: Այլապէս քու յետնորդներդ ալ կ’ապրին քեզի պէս ամօթահար ու գլխահակ:
Իսկ եթէ ո´չ, ինծի հետ գործ կ’ունենաս, իմ նախնիներու արժանի յետնորդին, հայ ժողովուրդի արժանի զաւկին հետ…
Ես կը պահանջեմ (եւ իմ պահանջը արդար է)` վերադարձու՛ր ինծի իմ հայրենիքս, այն քուկդ դարձնել չես կրնար, այն քուկդ դառնալ չի կրնար, իսկ պահանջողը ես եմ` քու հասակակիցդ…
Արփի Պետրոսեան
Երեւանի Գրիգոր Զոհրապի անուան թիւ 43 դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտուհի