Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութենէն չընկճուեցաւ, անոնք կը շարունակեն պահանջատէր մնալ
«ԱլՈւաթան» եգիպտական կայքէջին մէջ կը գրուի, որ 100 տարի անցաւ Հայոց ջարդերուն, որ միջազգայնօրէն կը ճանչցուի նաեւ «Թուրքիոյ Մեծ ոճիրը», ցայսօր մեծ թիւով հայեր սփռուած են աշխարհով մէկ եւ անոնցմէ հազարներով Եգիպտոսի մէջ, կը պայքարին իրենց իրաւունքները վերադարձնելու «Օսմանեան կայսրութեան» պետութենէն, որ զանգուածային ցեղասպանութիւն իրականացնելով, որ ամենայլանդակն էր նորագոյն պատմութեան մէջ իրենց մեծ նախահայրերու նկատմամբ, այսօր իրենց սերունդները կը յիշեն Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ոճիրի մանրամասնութիւնները իրենց մեծ հայրերուն հանդէպ եւ անոնք իրենց հերթին կը պատմեն զայն իրենց զաւակներուն թէ թուրքերը ինչ գործեցին իրենց ցեղին հանդէպ 1915թ.ին: Անոնք յուզումով ու զայթոյթով կը նային Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին , որ բազմած է Թուրքիոյ «նոր օսմանցիներու» գահին , եւ կը հպարտանայ հայերուն իրենց բնակավայրերէն աքսորելուն համար :
Վերջին դէպքերը ցոյց տուին Թուրքիոյ իրական դէմքը եւ անոր աջակցիլը ահաբեկչութեան, որուն հետեւանքով բազմաթիւ փաստաբաններ դատ բացին պահանջելով Եգիպտոսի կառավարութենէն ճանչնալ Հայոց ցեասպանոթիւնը, որմէ ետք կը պատրաստուին դիմել Միջազգային քրէական դատարան դատապարտելու Թուրքիան:
Հայ ժողովուրդի զաւակները`ինչպէս Նուպար փաշան եւ Ալեքսանտր Սարուխանը եւ այլ հայ անձնաւորութիւններ իրենց չըկնճեց ցեղասպանութիւնը, անոնք շարունակեցին պահանջատէր մնալ, մասնակցեցան Եգիպտոսի պատմութեան եւ արուեստի գործին: