21 երկիր կը շրջափակէ Էրտողանը «Հայոց ցեղասպանութեան եղելութեան» հարցով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Էրդողան-գլխավոր.jpg)
Հայերն Այսօրի տեղեկացմամբ .islamist-movements արաբական կայքը կը գրէ.
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին` Ապրիլ 24, 2015թ.ը, որքան կը մօտենայ` այնքան կ’աշխուժանան յուշերեկոները եւ ձեռնարկները, անոնց դէմ կ’աշխուժանայ Թուրքիոյ մերժողականութիւնը, Էրտողան` Անգարայի մէջ հանդիպում ունենալով իր երկրի դիւանագիտական ներկայացուիչներուն հետ շեշտեց, որ «ԱԳ նախարարութիւնը եւ համապատասխան կազմակերպութիւնները բոլոր ուժերով պիտի պայքարի այս յաւակնութիւններուն դէմ»:
Այդ հանդիպումներուն Էրտողան պահանջած է ռազմավարական նոր ուղի որդեգրել ընդդէմ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան տարած աշխատանքներուն:
Մինչեւ այսօր Թուրքիան կը մերժէ ընդունիլ մէկուկէս միլիոն նահատակներու իրողութիւնը, եւ ճիշդ այս առիթով Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք Ֆուատ Ալթաուալ խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըսած է, որ «Թուրքիոյ մերժողականութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակուի տասնամեակներէ ի վեր» եւ պէտք է անոր յաղթել ճշմարտութեա՛ն ոյժով:
2015թ.ը կարեւոր թուական է հայոց համար՝ 100-րդ տարելիցն է այն կոտորածներուն, որուն համար հայ ժողովուրդը կը դիմակայէ մեծ մարտահրաւէրով, անկախ անկէ , որ Թուրքիան կը ջանայ զոհերու թիւը նուազեցնել 300,000ի ըսելով, որ այն ցեղասպանութիւն չէր, եւ կը բողոքէ այդ բառը գործածողներուն դէմ, սակայն աշխարհի 21 պետութիւններ եւ այլ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: