«Ոսկէ Դարպասներ» Կամուրջին Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Քայլերթ Տեղի Ունեցած Է

Փետրուար 28-ին Սան Ֆրանսիսքոյի «Ոսկէ դարպասներ» կամուրջին տեղի  ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակող երթ: Քայլերթին մասնակցած է մօտ 1000 մարդ:

Այն կազմակերպած էին տեղի հայ համայնքի ղեկավարները եւ կրօնական առաջնորդները, կը հաղորդէ The Examiner պարբերականը: «Քայլերթը նուիրուած էր ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին», – ըսած է երթի մասնակցիներէն մէկը` Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի գործիչ անդամ Ալէքս Պասթեան:

«Մարդկութեան վէրքերը կրնան բուժուիլ միայն այն պարագային, եթէ այդ ցեղասպանութիւններու փաստը ճանչցուի եւ ընդունուի», – նշած է ան: Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Bay Area շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոն, կը բնակի մօտաւորապէս 30.000-հոգինոց հայկական համայնք:

Scroll Up