Լոս Անճելըսի Մարզի Կառավարիչներու Խորհուրդը Պատուոգրեր Յանձնած է Յարութ Սասունեանին եւ Աղասի Վարդանեանին

Լոս Անճելըսի մարզի կառավարիչներու խորհուրդը, կառավարիչ Մայքլ Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 18­-ին պատուոգրեր յանձնած է  CAHNA/Crimes Against HumanityNever Again/ կազմակերպութեան նախագահ Յարութ Սասունեանին եւ Լոս Անճելըսի մէջ Ապրիլ­ Մայիսին 55-­օրեայ հացադուլի միջոցով մարդոց ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին սեւեռած Աղասի Վարդանեանին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Իր խօսքին մէջ Մայքլ Անթոնովիչ գնահատած է CAHNA կազմակերպութեան եւ Աղասի Վարդանեանի ըրած գործը` աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ երբեւէ տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու իրազեկման վերաբերեալ:

«Այդ ոճիրին ժխտման հետեւանքով այսօր ալ դեռ կը շարունակուին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցը ճիշդ պահն է ի ցոյց դնելու աշխարհին այն փաստերը, որոնք շատերը կ՝անտեսեն»,- ըսած է Մայքլ Անթոնովիչ:

«Ապրիլ 24­-ով մեր պայքարը չէ աւարտած. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման պահանջատիրութեան ոգին պիտի շարունակուի նաեւ յաջորդ տարիներուն: Մեր դատը չէ աւարտած, եւ մենք մեր պայքարը պիտի զօրացնենք` մեր իրաւունքները եւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու համար»,­- ըսած է Յարութ Սասունեան:

Scroll Up