Տ. Արմաշ Եպս. կը բանախօսէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցին» խորագրով

Գերմանիոյ Լոքքում քաղաքի Աւետարանական Ակադեմիան (Evangelische Akademie Loccum), համագործակցութեամբ Լեփսիուս գիտական կեդրոնին (Lepsiushaus), կազմակերպած էր գիտաժողով մը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին, որ տեղի ունեցաւ 29-31 Մայիս 2015-ին: Գիտաժողովը, զոր կը կրէր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցին» խորագիրը, քննարկեց 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-դարասկզբին Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ կայսերական Գերմանիոյ քաղաքական դիրքորոշումն ու Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ քրիստոնէական դիրքը՝ աստուածաբանական մօտեցումի լոյսին տակ: Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, սոյն գիտաժողովին հանդէս եկաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցին» խորագիրը կրող բանախօսութեամբ:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 3 Յունիս 2105

Scroll Up