Նոյն օսմանական քաղաքականութիւնն է, որ մեզի կը տեղահանէ Սուրիայէն
Հայերն Այսօրի տեղեկացմամբ “Ալ Ախպար” թերթին մէջ լոյս տեսած է Ռուլա Իպրահիմի հետեւեալ հարցազրոյցը պրն. Յակոբ Բագրատունեանի հետ:
Ըստ Հ.Յ.Դ Լիբանանի մէջ Դաշնակոցութեան ներկայացուցիչ պրն. Յակոբ Բագրատունեանի, Ցեղասպանութիւնը թրքական հակահայ քաղաքականութեան մէկ հանքրուանն էր: Հայերուն տեղահանումը Սուրիայէն անոր շարունակութիւնն է տարբեր դէմքերով.. եւ այդ սկսած է Սուլթան Ապտուլ Համիտի օրերէն:
-Ինչ որ կը կատարուի այսօր Սուրիոյ մէջ արդիօք հայութեան նոր տեղահանում է?
Պ- Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Թուրքիոյ նպատակն էր, որ հայերը չբնակեցուին Սուրիոյ մէջ, մօտիկ Թուրքիոյ սահմաններուն. անոնք տեւաբար կ՛ընդիմանային հայերուս ներկայութեան Հալէպի. Ալճազիրայի եւ Գամշլիի մէջ. անոնք պահանջեցին ազգերու լիկայէն, որ մեզի տեղափոխեն Մատակասգար կամ Թունիս. Եւ ինչ կը տեսնենք այսօր՝ նոր փորձ մըն է Թրքական պետութեան կողմէ հայերուս տեղահանելու այս շրջաններէն, ահաբեկչական եւ ծայրայեղական իսլամիստներուն աջակցելով, եւ որպէս փաստ՝ Տէր Զօրի մէջ եկեղեցիներու պայթեցումը, ՏԱԱՇի եւ Ալնուսրայի դիմաց սահմաններու բացումը գրաւելու հայկական Քէսապը, Հալէպի հայկական թաղամասերու ռմբակոծութիւնը , ինչպէս նաեւ թուրք զինեալներու ներկայութիւնը այս շրջաններուն մէջ… այս բոլորը կ՛ապացուցեն որ օսմանական քաղաքականութիւնը նոյնն է: Սուրիոյ դէպքերը սկսելէ ասդին արձանագրուած է 15000 սուրիահայերու վերադարձ դէպի Հայաստան, եւ 12000 սուրիահայերու ապաստանը Լիբանանի մէջ:
– Դուք կ’ոգեկոչէք ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը. 100 տարուան ընթացքին ինչ կրցաք իրագործել, եւ արդիօք Ձեզի աջակցող կայ?
Պ- Այս օրը նահատակներու ոգեկոչման օր ըլլալէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցող օր է. Ան թրքական ծրագիրներու դիմադրութիւն ցուցաբերելու եւ պայքարի վերականգման մեկնակէտ է. Տարբերութիւն չկայ մէկ տարի է կամ 100 տարի. Մենք կը պահանջենք Թուրքիայէն որ ընդունի Օսմանեան պետութեան պատասխանատւութիւնը մէկ ու կէս միլիոն հայերու ոչնչացման, նաեւ ներողութիւն խնդրէ եւ հատուցէ բարոյապէս եւ նիւթապէս… կը պահանջենք նաեւ մեր բռնագրաւուած հողերու վերադարձը, որ ամրագրուած է Սեւրի դաշնագիրով:
– Ձեր կարծիքով թուրքերը ինչու կը մերժեն ներողութիւն խնդրելու պատմութեան անցած հանգրուանի մը համար:
– Որովհետեւ ցեղասպանութիւնը մէկ հանգրուանն էր Թուրքիոյ քաղաքականութեան, Սուլթան Ապտուլ Համիտի օրերէն սկսած ցայսօր: Նպատակը հայ ժողովուրդին արմատախիլ ընելն է` հիմնելու Թուրանական արմատներով Թրքական պետութիւն մը;
– Ինչպէս կը գնահատէք Լիբանանի կառավարութեան մերժումը հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցած պահանջագիրին, ուր կը պահանջուէր Ապրիլ 24-ը հռչակուի ոչ աշխատանքային օր:
– Կը ցաւինք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը աւելի բարձր դասեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները քան Լիբանանահայ քաղաքացիներու նահատակներու յիշատակը, որոնք կարեւոր անկիւնաքար են Լիբանանի պետութեան համար: Կը ցաւինք նաեւ, որ որոշ նախարարներ մեր պահանջը ընկալեցին նեղ կրօնական եւ համայնքային շահերէն դրդուած: Նահատակն ու նահատակութիւնը մարդկային մեծ արժանիք է առանց խտրութեան: