Մայրենիի Պաշտպանները` Հայոց Լեզուի Մասին…

Մայրենի տօնին ընդառաջ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է ոլորտին առնչուող եւ հասարակութեան մէջ ճանաչում ունեցող մարդոց հետ. անոնք կը պատասխանեն Մայրենիին վերբերող  շարք մը կարճ հարցերու: Այսօր կը ներկայացնենք  ՀՀ  վաստակաւոր  արուեստագիտուհի, ասմունքող Սիլվա Եուզբաշեանի եւ Երեւանի Կուպալեանի անուան մասնաւոր վարժարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Նարինէ Բաղդասարեանի հետ հարցազրոյցը:

Սիլվա Եուզբաշեան. «Մայրենին ինքնութիւնս է»-

Մայրենին ինծի համար

-Մայրենին ինքնութիւնս է,  զիս ծնող-սնող-պահպանողն է, լինելիութեանս հիմքերու հիմքն է եւ ինչպէս Պայրոն կ’ըսէ` Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն է…

-Մայրենիի տօնը…

Տօնը՞…հրաշալի է, որ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ` ի պաշտօնէ,  ամէն տարի` Փետրուար 21-ին, կը նշենք Մայրենիի օրը: Բայց կ’ուզէի, որ իւրաքանչիւր բացուող օր Մայրենիի տօն դարձնենք, փայփայենք ու փայլեցնենք մեր ոսկեղինիկը…Հողը, որուն վրայ կ’ապրինք, նախ եւ առաջ լեզու է. Որեւէ բան չունինք աւելի հայկական, որքան մեր լեզուն:

-Հայերէն լեզուին մէջ  Ձեր սիրած բառը եւ արտայայտութիւնը…

-Սիրած բառս ոսկեղինիկն է, իսկ արտայայտութիւնը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Ինչպէս գիտենք, սա հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնն է:

-Արեւմտահայերէն սիրուած բառը կամ արտահայութիւնը…

-Կը սիրեմ հոգիս բառը…

-Մայրենիին նուիրուած սիրելի բանաստեղծութիւնը …

-Ի հարկէ, կան սիրելի բանաստեղծութիւններ եւ հատուածներ բանաստեղծութիւններէ, բայց շրթունքներուս միշտ կը թառին Եղիշէ Չարենցի այս տողերը. «Մեր լեզուն ճկուն է եւ բարբարոս»:

-Մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին…

-Առաջին ուսուցչուհիս Ռոզա Պետրոսեանը եղած է, որ  հայերէն գրել-կարդալ սորվեցուց ինծի: Յետոյ մեր դասական բանաստեղծները  ուսուցիչներս դարձան:

-Դասական, թէ նոր ուղղագրութիւն

Երկուքը `անխտիր…

-Մայրենիին` այսօր

-Եւ՛ չարչրկուած, եւ՛ որբի գլուխ դարձած…

-Մայրենին` երիտասարդներու շրթունքներէն

– Կը ներէք, բայց բնորոշելու համար պէտք է օգտագործեմ ժարկոն արտայայտութիւնը.ախտ, որ վարակի նման ապականած է երիտասարդներու գերակշռող մասի շրթունքները:

Նարինէ Բաղդասարեան.  «Մայրենիի տօնին հոգիս հպարտութեամբ  կը լեցուի»

-Մայրենին ինծի համար…

-Մայրենին ոչ միայն  իմ, այլեւ մեր ունեցած մեծագոյն գանձն  է, մեր արեան եւ հոգիի կանչը:

-Մայրենիի տօնը…

-Մայրենիի տօնը այն տօներէն է, երբ հոգիս կը լեցուի հպարտութեամբ, էութիւնս  կը միաձուլուի մտքիս եւ կը դառնայ ներդաշնակութիւն:

-Հայերէնի մէջ Ձեր սիրած բառը եւ արտայայտութիւնը…

-Սիրած բառեր շատ կան: Օրինակ` մայրիկ, կեանք, սէր…ուղղակի շատ կը գործածեմ  արեւս ու բալիկս բառերը:

-Արեւմտահայերէն սիրուած բառը կամ արտայայութիւնը…

-Սիրելի են աղուորիկ, աճապարանք, շիտակ բառերը:

-Մայրենիին նուիրուած սիրելի բանաստեղծութիւնը…

-Ինծի համար Եղիշէ Չարենցի «Մեր լեզուն» բանաստեղծութիւնն է, ուր հոգի եւ սիրտ կայ, սէր եւ ընդվզում, քնքշութիւն ու մաքրութիւն, հպարտութիւն եւ պարծանք:

-Մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին…

-Մայրենիիս առաջին ուսուցչուհին, որ թեւ տուաւ մտքիս, հնարաւորութիւն տուաւ ոսկեղինիկ մայրենիով շարադրելու մտքերս, տիկին Նաւասարդեանն է:

-Դասական, թէ նոր ուղղագրութիւն

-Առհասարակ կը սիրեմ աւանդական դասականը…

-Մայրենին` այսօր

-Մայրենին այսօր կոտրտուած թեւով  միրհաւ կը  յիշեցնէ.եթէ բարեգութ ըլլանք, անշուշտ թեւ կ’առնէ ու կը թռչի` հիացնելով աշխարհ: Մեծերէն շատերը պատիւ  համարած են մեր լեզուն տիրապետելը: «Ձեր հնամենի լեզուն ես չեմ գիտեր, բայց կը սիրեմ այդ լեզուն. ատոր մէջ Արեւելքը կը զգամ, դարերը կը նշմարեմ այնտեղ, կը տեսնեմ անցեալի խորհրդաւոր նշոյլի շողարձակումը: Ինծի համար պարծանք է հայերէն թարգմանելը»,-գրած է Ճորճ Պայրոն:

Ուրեմն իւրաքանչիւրիս պարտքն է անաղարտ պահելը մեր մայրենին:

-Մայրենին` երիտասարդներու շրթունքներէն…

-Ցաւօք, երկու ծայրայեղ բեւեռներ կը տեսնեմ. մէկ կողմը` կիրթ, ինքզինքը, ազգն ու լեզուն յարգող ընտիր երիտասարդութիւն, որ գիտէ յարգն ու պատիւը իր լեզուին ու հայրենիքին, միւսին` ժարկոնային  «էթըմ», «գալըմ»-ներով խեղաթիւրուած խօսք ու ատոնցմէ բխող գաւառամտութիւն ու վարք: Ցաւալի է, բայց փաստ:

  Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up