«Երբ Առաջին Անգամ Հայաստան Եկայ, Լացի՛». Եսայի Ալթունեան
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Ֆրանսաբնակ երգիչ Եսայի Ալթունեանի եւ «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցի զրոյցի հիմնական «Առանցք»-ը Հայաստանն ու Արցախն է: Երգիչը Հայրենիք եկած էր` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր բարձրանալու եւ Արցախ աշխարհ այցելելու նպատակով:
-Եսայի՛, առաջին անգա՞մ Հայաստանի մէջ կը մասնակցէիր աւանդաբար իրականացուող ջահերով երթին:
-Կը կարծեմ` իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պէտք է Ապրիլ 24-ի առիթով Հայաստան գայ եւ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք բարձրանայ:
Այո՛ Ապրիլ 23-ին առաջին անգամ մասնակցեցայ ջահերով երթին, որմէ աննկարագրելի ուժ ստացայ եւ մէկ անգամ եւս հասկցայ, թէ որքան միախմբուած ազգ ենք մենք: Ապրիլ 24-ին նոյնպէս եղայ Ծիծեռնակաբերդի մէջ. հայրենակիցներուս հետ խօսելով` հատեցինք ճանապարհն ու ծաղիկներ խոնարհեցինք անմար կրակին շուրջ:
Ամէն անգամ Ծիծեռնակաբերդ այցելելուս` աչքերուս առջեւ կը յառնին մէկուկէս միլիոն հայերու կոտորածի ահասարսուռ տեսարանները եւ ականջներուս կը հնչեն պատմութիւնները:
Ի հարկէ, կը տխրիմ, բայց այդ տխրութիւնը ապագայի հանդէպ յոյսով կը լեցնէ զիս: Կը զգամ, որ պիտի յաղթենք եւ վաղ թէ ուշ` Թուրքիան պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թո՛ղ աշխարհն իմանայ, որ անկոտրում ոգի ունեցող ազգ ենք, որ պայքարիլ գիտենք մեր իրաւունքներուն եւ Հայրենիքին համար: Ոեւէ մէկը չի՛ կրնար մեզմէ ջնջել մեր պատմութիւնը եւ խլել Հայրենիքը:
-Երբ իմացած էք Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
-Ես 5 տարեկան էի, երբ ծնողներս առաջին անգամ պատմեցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ըսելով, որ մեծհայրս Ցեղասպանութեան ականատեսներէն եղած է: Անոնք ներկայացնելով ողջ ճշմարտութիւնը` խորհուրդ կու տային, որ չընկճուիմ: Այլ, ընդհակառակ, ուժ ստանամ եւ ձգտիմ ապագային Հայաստանի համար պիտանի մարդ դառնալու:
Կը կարծեմ` յուսախաբ չեմ ըրած ծնողներուս: Միշտ կը հաւատայի, որ իմ ժամանակս նոյնպէս պիտի գայ խօսելու եւ յատկապէս երգելու Հայոց պատմութեան այս եղերական էջերուն մասին:
– Ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի ժառանգ` Ձեր հոգիին մէջ աւելի դրոշմուած են վշտի, ցասումի, պահանջատիրութեան ու աննկուն պայքարի հետքերը: Կը խնդրէի պատմել Ձեր մեծհօր` թրքական եաթաղանէն մազապուրծ ըլլալու պատմութիւնը:
-Նշան մեծհայրս 6 տարեկան եղած է, երբ սկսած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ծնողներուն եւ քոյրերուն հետ Խարբերդէն հազիւ փախած` հասած է Տէր Զօրի անապատ, ուր իր աչքին առջեւ սպաննած են մայրն ու քոյրերը:
Յետոյ միայն անոր անապատին մէջ արաբ պետուները գտած են եւ որոշած խնամել` կերակուր եւ հագուստ տալով: Մեծհայրս նոյնիսկ աշխատած է անոնց մօտ: Այնուհետեւ, 18 տարեկանին ան տեղափոխուած է Սուրիա եւ Հալէպի խանութներէն մէկուն մէջ պատահաբար հանդիպած իր ազգականներէն մէկուն, որ անոր տարած է Ֆրանսա: Այնտեղ մեծհայրս ապրած է Ցեղասպանութենէն փրկուած ազգականներուն հետ: Ապա Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ ան հանդիպած է ապագայ կնոջը, որուն հետ ընտանիք կազմած եւ սկսած է իր նոր կեանքը:
Նշան մեծհայրս նաեւ «Անապատի երեխան» վերնագիրով գիրք հրատարակած է, որպէսզի սերունդները չմոռնան 1915 թուականին իր եւ հայ ժողովուրդին հետ կատարուածը:
– Ըստ Ձեզի, Հայոց ցեղասպանութեան կնճռոտ հարցերու լուծման բանալին ո՞ւր թաքնուած է, ի վերջոյ այս թնջուկը ինչպէ՞ս պիտի հանգուցալուծուի:
– Հայ դատի հարցով վերջնական ցանկալի արդիւնքին հասնելու համար անհրաժեշտ է միասնականութիւն, ազգային կամք դրսեւորել եւ չյուսահատիլ: Ինչպէս որ չյուսահատեցանք ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ Արցախի մէջ հրահրած ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններուն ժամանակ:
Մեր նոր սերունդը թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, իրենցմէ մեծ մաս մը, հզօր ուժ կը ներկայացնեն, որոնք պահանջատիրական եւ հայրենասիրական հոգիով տոգորուած են: Անոնք վաղուան մեր օրուան յոյսն ու ապաւէնն են, ապագայի տեսլականը: Հէնց անոնց միջոցով ալ պէտք է հարցի լուծման ուղիներ որոնել:
Թո՛ղ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը ականջալուր ըլլան, որ հայ ազգը պատերազմի կամ այլ ահաբեկչութիւններու չի ձգտիր: Թուրքիան պէտք է միայն հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործած սոսկալի մեղքը գիտակցի եւ վերադարձնէ մեր պապենական հողերը: Պիտի գա՛յ այդ օրը:
– Աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն նման Դուք նոյնպէս զօրակցութիւն յայտնեցիք Արցախին եւ Հայոց բանակին: Այդ նպատակով նաեւ Արցախ գացիք: Կը պատմէ՞ք արցախեան այցելութեան մասին:
-Անշուշտ այդպէս է: Սփիւռքահայերը պէտք է Հայաստան գան այս դժուարին օրերուն, նեցուկ ըլլան ժողովուրդին ` ըսելով, որ միայնակ չեն ձգեր անոնց, եւ որ Սփիւռքը Հայաստանի կողքին է: Ազերիները թո՛ղ իմանան, որ ոչ թէ 3, այլ` 13 միլիոն ենք, եւ պատրաստ ենք մէկ բռունցք դարձած` առճակատման դուրս գալու անոնց դէմ: Հիմա առաւել քան երբեւէ չենք ձգեր, որ երկրորդ անգամ նոյն քաոսը կրկնուի: Արցախը կորսնցնելը պարզապէս անթոյլատրելի է:
Արցախի մէջ կը գտնուէի այն ժամանակ, երբ Ապրիլ 27-ի լոյս 28-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիին վրայ թշնամին կրկին խախտած էր հրադադարը եւ արկակոծած Մարտակերտը: Շատ ծանր ապրումներ ունեցայ:
Այնտեղ տիրող իրավիճակը լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու միջոցով տարածեցի իմ ֆէյսպուքեան էջիս վրայ, որպէսզի ատրպէյճանական սանձարձակ գործողութիւնները տեսնէին նաեւ այլազգներ: Մենք հիմա գերխնդիր ունինք միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Արցախի հարցին շուրջ սեւեռելու` անոնց իրազեկելով Ատրպէյճանի անօրէն քաղաքական դիրքորոշման մասին:
Արցախեան այս դէպքերը ինծի յիշեցուցին Թուրքիոյ կողմէ 1915 թուականին կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատկերը:
-Եսայի՛ Ձեր կեանքը ի՞նչ հունով ընթացաւ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին մասնակցելէ յետոյ: Երբեւէ մտածա՞ծ էք այս հարցին շուրջ:
-Երեւի թէ աւելի հանրային դէմք դարձայ ու ճանաչում ձեռք բերի` Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Հիմա արդէն այնչափ հաճելի է, երբ հայաստանեան փողոցներով քալելուս` մարդիկ ինծի կը ժպտին եւ ծանօթութեան նշաններ ցոյց կու տան:
–Հայաստանէն հեռու գտնուելով` կարօտի ի՞նչ զգացումներով կը համակուիք:
-Ամէնէն շատ հայերու անկեղծ ժպիտները, վերաբերմունքը եւ անոնցմէ բխող ջերմութիւնը կը կարօտնամ: Հայ ժողովուրդին կը կարօտնամ:
–Ին՞չ յիշողութիւններ պահպանուած են Հայաստան կատարած առաջին այցելութենէն:
-16 տարեկանիս ոտք դրի Հայրենի հողին վրայ: Կը յիշեմ, երբ առաջին անգամ Հայաստան եկայ, լացի. յուզմունքի ու հպարտութեան զգացումը կոկորդս կը սեղմէր:
Ֆրանսական «Հող եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան ծրագիրով մէկ ամիսով եկանք Գոգարան գիւղ, ուր կ’ապրէին Սպիտակի 1988 թուականի երկրաշարժէն փրկուած մարդիկ: Այնտեղ համատեղ ուժերով սկսանք եկեղեցի կառուցել, որուն առկայութիւնը կարեւոր էր վհատուած, սգաւոր բնակիչներուն սփոփելու համար: Այդպէս, օգնեցինք մարդոց ոտքի կանգնիլ եւ շարունակել ապրիլ իրենց բնականոն կեանքով:
Շատ մեծ ուժ ու եռանդ ստացայ այցելութենէս: Հասկցայ, որ Հայաստանէն, մեր հող ու ջուրէն ուրիշ լաւ բան չկայ աշխարհի վրայ: Այստեղ են իմ արմատներս, եւ ես ատիկա պէտք չէ մոռնամ: Խոստացայ, որ ամէն տարի Հայաստան պիտի գամ: Եւ ինչու ոչ, գուցէ գայ այն օրը, երբ մէկընդմիշտ Հայրենիքիս մէջ հաստատուիմ:
-Եսայի, գովելի է, որ ապրելով Սփիւռքի մէջ, այդքան լաւ կրնաք հայերէն խօսիլ:
-Ծնողներս շատ հայրենասէր են: Անոնք մեզի միշտ յորդորած են, որ օտարութեան մէջ գտնուելով հանդերձ` միշտ եւ ամէնուր հայերէն խօսինք` հաւատարիմ մնալով սեփական լեզուին եւ հայու ինքնութեան: Մեր շուրջը միշտ հայկական միջավայր ստեղծած են:
Նոյն հայկական միջավայրով հիմա ընտանիքս կը պարուրեմ: Չնայած կինս ֆրանսուհի է, բայց մեր աղջիկներուն` ութ տարեկան Ապրիլը եւ երկու տարեկան Մարիին, հայեցի դաստիարակութիւն կու տանք եւ հայկական վարքուբարքին կը ծանօթացնենք: Անոնք քիչ թէ շատ` հայերէն կը խօսին, եւ երբ անոնց կը հարցնեն` հայ էք, թէ ֆրանսացի, վստահ կը պատասխանեն` մենք հա՛յ ենք: Ի դէպ, մեծ աղջկաս անունը Ապրիլ կնքեցինք` նկատի ունենալով Ապրիլ 24-ի խորհուրդը եւ, ի հարկէ, հայ ժողովուրդին` չնայած բոլոր դժուարութիւններուն` ապրելու, արարելու ձգտումը:
Աղջիկներս դեռ Հայաստան չեն եկած, բայց անոնց խօսք տուած եմ, որ անպայման իրենց պապերու երկիրը տեսնելու պիտի տանիմ:
-Զրոյցի աւարտին խօսինք ստեղծագործական ընթացքին մասին: Ին՞չ նորութիւններով յառաջիկային կը ներկայանաք հանրութեան:
-Այժմ ջանքերս «Արմէնիա» երաժշտական նախագիծին շուրջ կեդրոնացուցած եմ, որ նուիրած եմ Նշան մեծհօրս յիշատակին:
Նախագիծը սիրոյ եւ մարդասիրութեան թարմ շունչ մը պիտի բերէ: Այն շատ աւելին պիտի ըլլայ, քան հերթական մշակութային ու երաժշտական ծրագիր: «Արմէնիան» համահայկական եւ համաշխարհային նախագիծ է, որուն մէջ խոր փիլիսոփայութիւն կայ. սա այն մարդոց մասին է, որոնք չեն ընկճուած պատմութեան հարուածներէն եւ կանգուն մնացած են: Այն կեանքի կոչելով` կ’ուզեմ աշխարհին ներկայացնել Հայոց պատմութիւնը` սկսած Նոյի օրերէն մինչեւ մեր ժամանակները:
Երաժշտութեան միջոցով նաեւ կամուրջ պիտի հաստատեմ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Աշխարհի մակարդակով պիտի իրականացնեմ ծրագիրը, որպէսզի աշխարհի քաղաքացիները, տեսնելով հայկական դարաւոր հարուստ մշակոյթն ու պատմութիւնը, հասկնան, որ մենք հզօր, համախմբուած ազգ ենք, եւ որ մեզի կոտրել չըլլար: Ազգային երգերը եւրոպական եւ ամերիկեան լսարանին պիտի ներկայացնեմ ժամանակակից գործիքաւորմամբ: Կ’ըլլան նաեւ հայկական պարեր, երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ յատուկ բեմականացումներ: Նպատակ ունինք ծրագիրին մէջ ներգրաւել նաեւ Հայաստանէն անուանի երգիչ-երգչուհիներ. այժմ այս ուղղութեամբ քննարկումներու մէջ ենք:
Մեկնարկը կու տանք Ֆրանսայէն, ապա կը շրջագայինք ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ, կը հասնինք նաեւ Լիբանան: Իսկ վերջաւորութեան անպայման Հայաստան կու գանք:
Յուսանք` 2017 թուականի վերջը արդէն «Արմէնիան» կը սկսի իր ճախրանքը եւ կեանքի աղբիւր կը դառնայ` սէր ու խաղաղութիւն հաստատելով աշխարհի մէջ:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան


Արևելահայերեն
Русский
English











