«Սփիւռքի ՄԷջ Բանիմաց Եւ Հայրենասէր Սերունդ Կը Մեծնայ». Շողիկ Փահլեւանեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի գերակայ խնդիրներէն է ծրագիրին մասնակից սփիւռքահայ պատանիներուն համար հայոց լեզուի դասընթացներու իրականացումը:
Հնգօրեայ դասաժամերուն ընթացքին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 դպրոցին մէջ հայոց լեզուի ուսուցիչները անոնց հոգիին մէջ Մայրենիի, հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ սէր կ’արթնցնեն, անոնց կը ծանօթացնեն հայ մեծերու կեանքին, հայ ժողովուրդի պատմութեան պանծալի էջերուն: Իսկ անոնց, որոնք չեն տիրապետեր հայերէն գրել-կարդալուն, սիրայօժար հայոց այբուբենը կը սորվեցնեն:
Դասաւանդող ուսուցիչներէն մէկն ալ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակից, Մոսկուայի «Վերածնունդ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Շողիկ Փահլեւանեանն է, որ յատուկ այդ առաքելութեան համար` ամառնային արձակուրդներուն Հայաստան կու գայ:
–Տիկի՛ն Փահլեւանեան, ե՞րբ սկսած էք «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդներուն հայոց լեզու դասաւանդել:
-2015 թուականէն սկսած եմ այս կարեւոր գործը: ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ստանալով առաջարկը` միանգամէն համաձայնեցայ:
Նախարարութեան մէջ հաշուի առած էին այն փաստը, որ կ’ապրիմ Մոսկուա եւ ռուսահայ երեխաներուն հետ դասաւանդելու մեծ փորձ ունիմ:
«Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս կը դասաւանդեմ այն երեխաներուն, որոնք ռուսախօս են, եկած են ՌԴ քաղաքներէն եւ ոչ միայն:
Այդ քանի մը օրերուն ընթացքին անոնց գրաճանաչ կը դարձնեմ եւ ամէն ջանք կը գործադրեմ, որ հնարաւորինս լաւ հայերէն խօսին: Անպայման կը սորվեցնեմ ՀՀ պետական օրհներգը, Տէրունական աղօթքը, մէկ ազգային երգ ու պար եւ քանի մը հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ:
Այս ծաղկաքաղի միջոցով անոնց դասաժամը յագեցած կը դարձնեմ: Իսկ դասընթացքի աւարտէն յետոյ` շրջայցերու մեկնելէն առաջ, բոլորին դպրոցի բակին մէջ շուրջպարի կը հրաւիրեմ` երգելու եւ պարելու, որմէ յետոյ բարձր տրամադրութեամբ` կը մեկնին շրջագայութեան:
Սփիւռքահայ երիտասարդները այս ամէնէն յետոյ հայկական ոգիով կը լեցուին. ատիկա նկատելի է անոնց փայլող եւ կայծկլտացող աչքերէն: Հինգ օրերուն ընթացքին գոնէ կը սորվին հայատառ գրել իրենց անուն-ազգանունը եւ իրար հայերէնով ողջունել:
Իսկ դասընթացներու աւարտին` որպէս նուէր, արիտունցիներուն հայկական այբուբենը կը յանձնեմ, որպէսզի իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ սրտերնուն մօտ պահեն մեր ոսկեղինիկ տառերը եւ երբեք չմոռնան:
–Ին՞չ փոփոխութիւններ կը նկատէք երեխաներուն մօտ հայոց լեզուի դասընթացքին աւարտէն յետոյ:
– Նախ մենք` դասաւանդող ուսուցիչներս, պէտք է այդ փոփոխութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծենք, որպէսզի անոնք գիտակցաբար, լրջօրէն մօտենան հայոց լեզու սորվելուն:
Միշտ խորհուրդ կու տամ` ոչ միայն դասերուն, այլեւ շրջայցերուն ժամանակ նոյնպէս ուշադիր ըլլան: Ստուգելու համար, թէ որքանով հետեւած են խորհուրդիս` յաջորդ օրը անոնց տպաւորութիւններուն, այցելած պատմամշակութային վայրերուն մասին հարցուփորձ կ’ընեմ: Այդ քայլով ոչ միայն գիտելիքները կը ստուգեմ, այլեւ կը նպաստեմ, որ յիշողութեան մէջ հիմնովին ամրապնդեն այն ամէնը, ինչ տեսած եւ լսած են:
Ես կը խոնարհիմ սփիւռքահայ երիտասարդներու ծնողներուն, մեծմայրերուն ու մեծհայրերուն առջեւ, որոնք ամէն գնով իրենց երեխաներուն կը փորձեն հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցել եւ թոյլ չեն տար, որ մոռնան սեփական լեզուն:
–Ո՞ր երկիրներու երեխաները առաւել հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն դասընթացներուն ժամանակ:
– Քիչ մը դժուար է այս հարցով տարբերութիւն դնել: Ինծի համար բոլորն ալ հաւասար են եւ մէկ հարթակի վրայ կը գտնուին:
Այստեղ բոլորս մէկ գաղափարի շուրջ հաւաքուած ենք` սփիւռքահայ պատանիներուն եւ աղջիկներուն հայերէն սորվեցնել:
Սկիզբը` նախ անհատապէս կը ծանօթանամ երեխաներուն հետ, կը հասկնամ անոնց հոգեբանութիւնն ու մարդկային առաձնայատկութիւնները, ապա կը սկսիմ աշխատանքս: Նաեւ կը յորդորեմ, որ իրարու միջեւ ընկերական յարաբերութիւններ ձեւաւորեն, կապուին Հայրենիքին` ուժ ստանալով հայ հողէն ու ջուրէն:
Շփուելով «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն հետ` հասկցած եմ, որ Սփիւռքի մէջ բանիմաց եւ հայրենասէր սերունդ կը մեծնայ:
Արիտունցիները անընդհատ հարցեր կու տան զիս, կ’ուզեն հնարաւորինս շատ գիտելիքներ ստանալ: Անոնց ոգեւորութիւնը ինծի ալ կը փոխանցուի:
–Տիկի՛ն Փահլեւանեան, Մոսկուայի մէջ ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք:
-Մոսկուայի «Վերածնունդ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնն եմ, մեթոտիստը, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհին: Հիմնադրման առաջին օրէն ես այնտեղ կը դասաւանդեմ:
Դպրոցը հիմնուած է 1988 թուականին` Խորհրդային Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան, Մոսկուայի հայ համայնքի եւ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան միասնական ուժերով: Ստեղծման առաջին օրուընէ կը գտնուի ՌԴ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքին մէջ:
Դպրոցի ստեղծման նպատակը Սփիւռքի մէջ հայապահպան գործունէութիւն ծաւալելը եւ մոսկուաբնակ երեխաներուն օտարացումէն զերծ պահելն է:
Մեր դպրոցը կը յաճախեն 200-է աւելի աշակերտ, որոնց գիտելիքներու մակարդակի իմացութեան հիման վրայ կ’ընտրենք:
Ունինք նախադպրոցական, դպրոցական, միջին եւ բարձր դասարաններու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ` ուսանողներ:
Դպրոց կու գան 5-25 տարեկան տղաներ եւ աղջիկներ: Եթէ ըլլան աւելի բարձր տարիքի անձիք, որոնք կը ցանկան դպրոց յաճախել, անոնց նոյնպէս կը փորձենք օգտակար ըլլալ:
–Ին՞չ առարկաներ կը դասաւանդուին դպրոցին մէջ:
– Հայերէն գրել, կարդալ, ազգային երգ ու պար կը սորվեցնենք, իսկ առարկաներէն հայոց պատմութիւն, հայերէն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն կը դասաւանդենք:
Մեզի համար յիշարժան դարձաւ 1988-1989թթ ուսումնական տարին, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինը Հայրապետական այցով Մոսկուայի մէջ գտնուելու ժամանակ դպրոց այցելեց: Ան օրհնեց բոլորիս եւ հայապահպան գործունէութեան մէջ բեղմնաւոր ընթացք մաղթեց: Սփիւռքի մէջ գտնուողներուս համար ատիկա ոգեւորութեան մեծ աղբիւր էր: Մինչեւ այժմ լուսաւոր յիշողութիւններ պահպանուած են այդ հանդիպումէն:
Մենք Վեհափառին երդում տուինք` ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք, չհրաժարինք հայ երեխաներուն Մայրենին, հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը սորվեցնելէն եւ ըսինք, որ ազգապահպան աշխատանքը ամէն գնով պիտի շարունակենք:
–Տիկի՛ն Փահլեւանեան, երբ սկսած Ձեր համագործակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ:
-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման առաջին տարիներէն` միշտ կապի մէջ եղած եմ: Մասնակցած եմ նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող բոլոր խորհրդաժողովներուն, համաժողովներուն, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացներուն մասնակցած եմ: Դպրոցի աշակերտները պարբերաբար կը մասնակցին «Արի տուն» ծրագիրին:
Կը կարծեմ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը աւելի հեշտացուց Սփիւռքի կրթօճախներու գործունէութիւնը: Այն, որ Հայաստանէն մեզի դասագիրքեր կ’առաքեն եւ Հայաստանի մէջ ուսուցիչներու վերապատրաստում կ’իրականացնեն, ատիկա արդէն մեծ դրուատանքի արժանի է: Նախապէս Սփիւռքի ուսուցիչներուն քիչ անգամ նման հնարաւորութիւն կ’ընձեռնուի:
Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` յանձին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, որ անդադար ուղիներ կը փնտրէ Հայաստանը Սփիւռքին մերձեցնելու ուղղութեամբ:
Շնորհակալ եմ նաեւ նախարարութեան աշխատակիցներուն, որոնք բարեխղճօրէն կը կատարեն իրենց աշխատանքը: «Արի տուն» ծրագիրին մէջ մեծ է Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան Գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանի դերը: Ան դասաւանդող ուսուցիչներուն հետ մշտական կապի մէջ է: Յաճախակի հանդիպումներ կը կազմակերպէ` քննարկելով դասընթացներու արդիւնաւէտ կազմակերպման առնչուող բազմաբնոյթ հարցեր եւ ծանօթացնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նորութիւններուն:
Գէորգ Չիչեան