«Պիտի Գա՛յ Այդ Օրը, Երբ Թուրքիան Պիտի Խոնարհի». Արթուր Աւանեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ պարբերաբար կը հիւրընկալուին Սփիւռքի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներ. այս անգամ հիւրը Մոլտովայի հայկական համայնքի նախագահ Արթուր Աւանեանն էր, որուն հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
– Պարո՛ն Աւանեան, Դուք Հայաստան եկած էք ապրիլեան այն օրերուն, երբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ եւ, մասամբ ալ Հայաստանի սահմանային որոշ հատուածներու մէջ, զոհեր ունեցանք, վիրաւորներ. Ձեր այցը նաեւ համընկած է Ապրիլ 24-ին Հայոց եղեռնի 101-րդ տարելիցի յիշատակի օրուան: Այս երկու առիթներէն ո՞ր մէկը Ձեզի բերաւ Հայաստան:
-Այս երկու առիթներն ալ շատ զօրաւոր պատճառ էին, որպէսզի գամ Հայաստան: Ճիշդ է, մենք հեռուէն ալ կը ցաւէինք, բոլորիդ հետ միասին կը սգամ զոհուած տղաներուն համար, տագնապին մէջ մեր Հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան համար, կը փորձեմ բարոյապէս եւ նիւթապէս օգնել Արցախին, կարեկից ըլլալ վիրաւոր ու զոհուած զինուորներու հարազատներուն, ձեռք մեկնելով տունուտեղ աւերուած արցախցիներուն, սակայն որոշեցի անպայման գալ Հայաստան, այնտեղ ըլլալ, հանդիպումներ ունենալ, աւելի մանրակրկիտ տեղեկութիւններ իմանալ, նաեւ` Ապրիլ 24-ին իմ յարգանքի տուրքն ու խոնարհումը բերելու` Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յաւերժական կրակին մօտ մեր անմեղ նահատակներու յիշատակին ծաղիկներ խոնարհելով:
…Ես կ’ուզեմ, որ խաղաղութիւն ըլլայ, կը բա՛ւէ, հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին շատ զոհեր տուած է: Ամէն մէկ զոհ մեզի համար անպատմելի ողբերգութիւն է. անոնք` այդ երիտասարդ ու քաջարի տղաները, մեր վաղուան օրն էին եւ ե՛ն, իսկ վաղուան օրը չի կարելի սպաննել, պէտք չէ ձգել, որ սպաննուին վաղուան` ապագայի հայրերը: Մենք Մոլտովայի մէջ գիշերուզօր կը հետեւէինք իրադարձութիւններուն, բոլորս ցնցուած էինք: Ես կրնամ ըսել, որ այդ իրավիճակին համար ինչ-որ տեղ նաեւ մենք ենք մեղաւոր. 25 տարի շարունակ մենք պէտք է հասկնայինք, որ այդ հողին, այդ դրախտ աշխարհի ետեւէն օր մը եկող պիտի ըլլայ, որ ազերիներու ախորժակը պիտի չի փակուի, եւ մենք պէտք է գերազանց պատրաստականութիւն ունենանք. թշնամին չի քնանար:
– Ի՞նչ կը կարծէք, պարո՛ն Աւանեան, հայը հզօր ու նոր զարթօնք մը կ’ապրի՞ արդեօք:
– Զարթօնք կ’ապրի՛, անշուշտ, որովհետեւ մենք կը կարենանք կարեւոր, օրհասական պահերուն համախմբուիլ: Հոյակապ ազգ ենք, հոյակապ ժողովուրդ ենք այդ առումով: Նոյնը չեմ կարող ըսել Մոլտովա ապրողներուն մասին: Իմ գերնպատակն այն է, որ այնտեղ ապրող հայերը միաբան ըլլան, համախմբուած, ճանչնան զիրար, շփուին իրար հետ, դժուար պահերուն սատար ըլլան մէկը միւսին, մտերմանան ընտանիքներով. դուրսը առաւել կարեւոր է, որ մեր հայրենակիցները իրար ձեռք մեկնէն:
–Ձեր փայփայած համախմբուածութիւնը ընդհանրապէս չկա՞յ Մոլտովայի հայերու առումով:
-Կա՛յ, բայց քիչ է, փոքր է. ատիկա պէտք է աւելի մեծ, տարածական եւ ամուր բնոյթ կրէ: Շատ մեծ աշխատանք ունինք ընելու: Մենք մեծ ձեռնարկ մը իրականացուցինք` «Հայերու ներդրումը աշխարհի զարգացման մէջ» խորագիրով, որուն հրաւիրուած տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն նուիրեցինք ձայնասկաւառակներ` աշխարհի նշանաւոր հայերու մասին: Մարդիկ տարին իրենց հետ, ծանօթացան. նաեւ այսպէս կը ծանօթացնենք հայերն ու հայկական արժէքները: Շատերը չեն գիտեր, թէ ովքեր են հայերը, երբեմն կը հարցնեն ազգութիւնդ եւ կ’ըսեն` դուք մահմետակա՞ն էք… Շատ վիրաւորական է, ցաւալի, ատոր պատճառն այն է, որ ժամանակին լաւ չեն ներկայացուցած հայերուն, այդ մարդիկ չեն գիտեր, թէ ովքեր են հայերը, ինչ մշակոյթ ունին (շատ քիչերը կը ճանչնան մեզի): Իմ գերնպատակը հայերն ու Հայաստանը ճանաչելի դարձնելն է: Որոշեցինք բանալ զբօսաշրջային գործակալութիւն եւ համագործակցիլ Երեւանի մէջ որեւէ նմանատիպ գործակալութեան հետ. նպատակը Մոլտովա ծնած, այնտեղ ապրող, սակայն երբեւիցէ իրենց Հայրենիքը չտեսած մարդոց Հայաստան գալու հնարաւորութիւն ընձեռելն է: Պայմանաւորուածութեան ծիրէն ներս ցանկութիւն ունեցողները 7 օրով կու գան Հայաստան, ուր անոնց կը դիմաւորեն հէնց օդկայանին մէջ, կը տեղաւորեն հիւրանոցի մը մէջ եւ կը կազմակերպեն շրջագայութիւններ` դէպի Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ եւ այլ տեսարժան վայրեր, իսկ ուղեւորութեան աւարտին կը ճանապարհեն օդակայանէն: Այս նախաձեռնութիւնը որոշած ենք սկսիլ Մայիս ամսուն:
– Պարո՛ն Աւանեան, քանի՞ տարի է, որ կ’ապրիք Մոլտովա եւ կը ղեկավարէք հայկական համայնքը:
– Երկու տարի է, որ Մոլտովա կ’ապրիմ: Ես Հայաստանի մէջ երկար ժամանակ եղած եմ Կապի եւ փոխադրութեան փոխնախարար: Կինս Մոլտովայի մէջ ՄԱԿ-ի դեսպանն է, ես ալ մեկնեցայ, քանի որ Հայաստանի մէջ արդէն պետական աշխատանք չունէի, եւ իմ նուաճումս եղաւ այն, որ կարճ ժամանակուան մէջ, չճանչնալով զիս` մարդիկ վստահեցան եւ ընտրեցին համայնքի ղեկավար: Համայնքէն ներս կանոնադրութեան հետ կապուած շատ խնդիրներ կային, ես կրցայ շատ փոփոխութիւններ ընել, որպէսզի համայնքը կարենայ «շնչել»: Օրինակ` իրենց մօտ նշուած էր, որ հայ համայնքի անդամ կրնայ ըլլալ ան, որ ունի Մոլտովայի քաղաքացիութիւն: Մենք փոխեցինք այդ կէտը, որովհետեւ շատ հայեր կան այնտեղ, որոնք կեցութեան, ապրելու իրաւունք ունին, որ մոլտովական քաղաքացիութիւն չէ, սակայն անոնք ազգութեամբ հայ են եւ կրնան ըլլալ հայ համայնքի անդամ: Եթէ մարդը ունի ընտանիք, երեխաներ, օրինական կերպով կ’ապրի երկրին մէջ, ապա ինչպէ՞ս եւ ինչու՞ անոր չհամարել համայնքի անդամ: Ես իմ ամբողջ ուժերս կը կեդրոնացնեմ, որ մեր համայնքը ըլլայ համախմբուած, յառաջադէմ եւ օրինակելի: Կապ հաստատած եմ ու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած Ռումանիոյ հայկական համայնքի ղեկավարի` հրաշալի անձնաւորոթեան մը` Վարուժան Ոսկանեանի հետ, որպէսզի Մայիս 20-ին կազմակերպենք համաժողով մը, գործարար-համաժողով, ուր հաւաքուին Մոլտովայի եւ Ռումանիոյ հայ գործարարները, շփուին, ծանօթանան, փորձի փոխանակման ծրագիրներ կազմեն, կարծիքներ կիսեն:
– Դուք հանդիպեցաք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին. որոշակի ինչպիսի՞ պայմանաւորուածութիւններ ունեցաք:
– Ըսեմ, որ ես շատ կը սիրեմ Սփիւռքի նախարարութիւնը, բարձր կը գնահատեմ նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը, բոլոր ծրագիրները: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը շատ անհրաժեշտ էր եւ, Փառք Աստուծոյ, այն կայ եւ շուտով կը դառնայ 7 տարեկան: Մեր համայնքը անպայման կը մասնակցի «Արի տուն», «Սփիւռք-ամառնային դպրոց» ծրագիրներուն… Ունինք կիրակնօրեայ գործող դպրոց, սակայն շատ ցանկալի է, որ դասաւանդողները գան Հայաստան ու մասնակցին Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած վերապատրաստման դասընթացներուն:
– ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են Մոլտովայի հայկական եւ միւս համայնքներուն, տեղի բնակիչներուն միջեւ:
– Մենք շատ մօտ ընկերներ ունինք Յունաստանի, Պելառուսիոյ, պուլկարական, հրէական եւ այլ համայնքներու մէջ. բոլորին հետ ալ լաւ յարաբերութիւններ ունինք:
– Իսկ ատրպէյճանական համայնքի՞ն…
– Ատրպէյճանցիները Ապրիլ 7-ին շատ վատ պահեցին իրենց. անոնք 20 հոգիով դուրս եկած էին ցոյցի` ընդդէմ Ղարաբաղի, Հայաստանի, բողոքի նամակ գրած էին: Մեր համայնքէն ներս երիտասարդական նոր կազմակերպութիւն ստեղծած ենք, որուն ղեկավարը Արսէն Սարուխանեանն է. Կ’ուզեմ անոր Երեւան ուղարկել, կ’այցելէ նաեւ նախարարութիւն: Մեր համայնքի երիտասարդները շատ աշխոյժ են ու հայրենասէր:
– Պարո՛ն Աւանեան, ապագայի համար ի՞նչ նոր նախաձեռնութիւններ ունիք:
– Մեր դարաշրջանի Մոլտովայի ամենայայտնի հայը ջութակահար Կարապետ Հայրապետեանն է, որ աշխատած է Մոլտովայի մէջ: Վերջերս ես ծանօթացայ անոր տղուն` յայտնի ճազ նուագող Վահագն Հայրապետեանի հետ եւ ըսի, որ մտադրութիւն ունիմ իր հօր նուիրուած յուշ-երեկոյ կազմակերպել: Վահագնը շատ զգացուեցաւ, ըսի, որ ինքն ալ պէտք է Երեւան գայ, ներկայ ըլլայ, նուագէ, եւ ան տուաւ իր համաձայնութիւնը: Կ’ուզէի մեր համայնք հրաւիրել նաեւ Աշոտ Ղազարեանը, սակայն Մոլըովայի մէջ հայերէն իմացող 300 հոգի չեմ կրնար իրար գլխու հաւաքել, որպէսզի հասկնան մեծ հումորիստի լեզուն, իսկ երաժշտութիւնը լեզու չունի, կրնամ եւ պէտք է Կարօ Հայրապետեանի յուշ-երեկոյին հրաւիրեմ տարբեր ազգութիւններու մարդոց: Ես մեծ նպատակ մըն ալ ունիմ` կապուած յայտնի հայ` Մանուկ Բէյ-Միրզոյեանի հետ: Ան Մոլտովայի մէջ տուն-թանգարան ունի, կ’ուզեմ այնտեղ դահլիճ, սրահ մը վարձել (ինծի խոստացած են) եւ ձեւաւորել հայկական ոճով: Դիմած եմ յայտնի բարերար Ռուբէն Վարդանեանին, որ խոստացած է օգնել, եթէ լաւ ծրագիր ներկայացնեմ: Որոշած եմ նաեւ յայտնի հայերու ծառուղի հիմնել: Ատոր սկիզբը դարձեալ կ’ուզեմ ըլլայ Մանուկ Բէյ-Միրզոյեանով: Ինծի անհրաժեշտ է պատրաստել անոր կիսանդրին, այդ առիթով զրուցեցի նաեւ յարգարժան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ եւ խնդրեցի օգնել: Յետագային, երբ ամէն ինչ պատրաստ ըլլայ, մեծ ձեռնարկ մը կը կազմակերպենք եւ կը հրաւիրենք նաեւ նախարարը: Որոշած եմ իրագործել նաեւ «Հայկական խոհանոցի օր» մեծածաւալ ձեռնարկը, որ նոյնպէս հայերն ու հայկական աւանդական մշակոյթը դուրսը ծանօթացնելու միջոց է: Իմ տեղակալիս տղան մասնակցած է«Что-где-когда» մտաւոր խաղին, յաղթած է` շահելով բիւրեղապակեայ բուն: Մենք պէտք է կարենանք Հայրենիք եւ Սփիւռք ապրող տաղանդաւոր հայերուն ներկայացնել աշխարհին: Հիմա, քանի դեռ Երեւանի մէջ եմ, կ’ուզեմ զբաղուիլ նաեւ այդ հարցով:
– Պարո՛ն Աւանեան, եթէ, Աստուած չընէ, Ատրպէյճանը կրկին փորձէ քառօրեայ պատերազմը կրկնել, շարունակել, Մոլտովայի հայորդիները կու գա՞ն պաշտպանելու Արցախ աշխարհի եւ Հայաստանի միւս սահմանները:
– Ի հարկէ՛: Փոքր-ինչ կասկած անգամ չունիմ: Բոլորը մէկ մարդու պէս ոտքի կը կանգնին:
– Կը կարօտնա՞ք Երեւանը:
– Շա՜տ: Կը կարօտնամ Հայաստանը, կը կարօտնամ Երեւանի ամէն մէկ փողոցը, ամէն մէկ ծանօթ վայր, իսկ ամէնէն շատ` իմ ընկերները:
– 101 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, եւ ոճրագործ Թուրքիան դեռեւս չէ ճանչցած, չընդուներ Հայոց եղեռնը… Կը հաւատա՞ք, որ կու գայ եւ այդ օրը:
-Այո՛, կը հաւատամ: Ես Ապրիլ 24-ին բարձրացայ Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ խոնարհեցի անմար կրակին մօտ… Չի՛ կրնար այսպէս շարունակուիլ` կոտորել մօտ 2 միլիոն անմեղ մարդոց եւ լռել դարէ մը աւելի… Պիտի գայ եւ այդ օրը, երբ Թուրքիան պիտի խոնարհի:
–Պարո՛ն Աւանեան, շնորհակալութիւն ջերմ ու բովանդակալից հարցազրոյցին եւ Ձեր աննկուն հայրենասիրութեան համար:
Կարինէ Աւագեան