Գործարկած Է www.tundarc.am Ցանցային Տեղեկատուական Համակարգը

ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականներու պետական ծառայութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ այլ պետական կառավարման մարմիններու համագործակցութեամբ գործարկած է www.tundarc.am ցանցային տեղեկատուական  համակարգ:

Համակարգը ստեղծուած է օտարերկրեայ պետութիւններէն Հայաստանի հանրապետութիւն վերադարձող քաղաքացիներու (երկքաղաքացիներու) համար: Այն մասնաւորապէս հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ինչպէս օգտակար տեղեկատուութիւն քաղելու վերադարձի եւ հայրենիքի մէջ վերաընդելուզման գործընթացներու եւ այս
ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներու վերաբերեալ, այնպէս ալ  յատուկ հարցով ժամանակակից ելեկտրոնային կապուղիներով դիմելու հայաստանեան պետական մարմիններ:

Scroll Up