Հայոց Լեզուի “Հեռավար գոլէճ” Ծրագիրը Կը Սփռուի Հանրային Հեռուստաընկերութեան Եթերէն

Հոկտեմբեր 7-էն Հանրային հեռուստաընկերութեան արբանեակային հեռուստաալիքով մեկնարկած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի հայոց լեզուի հեռուստադպրոցի “Հեռավար գոլէճ” ծրագիրը:

Ծրագիրը կ’իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ:

25-30 րոպէ տեւողութեամբ ծրագիրը եթեր պիտի հեռարձակուի Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն, ժամը` 2200-ին, կրկնութիւնը` Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ, ժամը` 12։30-ին:

Դեկտեմբեր ամսուն “Հեռավար գոլէճ” ծրագիրը պիտի հեռարձակուի շաբաթական երեք անգամ:

Scroll Up