Տեղի Պիտի Ունենայ §Արի Տուն» 2014թ Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Բացման Արարողութիւնը
Յուլիս 14-ին` ժամը 11.00-ին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան §Արի տուն» 2014թ. ծրագիրի չորրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (Հասցէ` §Էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ, §Էրեբունի» սրահ):
Ծրագիրի մասնակիցներուն պիտի ողջունէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
§Արի տուն» 2014թ ծրագիրի չորրորդ փուլին մասնակցելու համար Հայրենիք ժամանած են 206 պատանի եւ երիտասարդ ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Չեխայէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Իսրայէլէն, Թուրքիայէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Ղազախստանէն, Ռուսաստանի Դաշնութեան 21 մարզերէն:
Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրերուն, կ’ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կ’առնեն Հայրենիքի մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագիրի վերջաւորութեան ճամբարային 5 օրերը մասնակիցները կ’անցնեն Ծաղկաձորի մէջ: