Տեղի Պիտի Ունենայ §Արի Տուն» 2014թ Ծրագիրի Երրորդ Փուլի Բացման Արարողութիւնը

Յուլիս 7-ին` ժամը 11.00-ին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան §Արի տուն» 2014թ. ծրագիրի երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (Հասցէ` §Էրեբունի պլազա» բիզնես կեդրոն, 9-րդ յարկ, §Էրեբունի» սրահ):

§Արի տուն» 2014թ ծրագիրի երրորդ փուլին մասնակցելու համար Հայրենիք  ժամանած են  170  պատանի եւ երիտասարդ ԱՄՆ-էն, ՌԴ-էն, Լեհաստանէն, Պելճիգայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Իսրայէլէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն:

Ծրագիրի մասնակիցները 9 օրուան ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ արդի տեսարժան վայրերուն, կ’ունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կ’առնեն Հայրենիքի մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր: Ծրագիրի վերջաւորութեան ճամբարային 5 օրերը մասնակիցները կ’իրականացնեն Ծաղկաձորի մէջ:

Scroll Up