ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Հիւրընկալուեցան Վենեզուելայի Եւ Իրաքի Հայոց Թեմերու Առաջնորդները
Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վենեզուելայի թեմի առաջնորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը եւ իրաքահայ համայնքային գործիչ Պարոյր Յակոբեանը:
Ողջունելով սրբազան հայրերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը արժեւորեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական ժողովէն ներս քննարկուած` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման կարգը եւ սրբադասման առնչուող հարցերը: Նախարարը կարեւոր համարեց Կոմիտաս վարդապետի սրբացման անհրաժեշտութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը որոշուած է կատարել 2015-ի Ապրիլ 23-ին` Մայր աթոռէն ներս:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայ եկեղեցւոյ հետ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ համատեղ իրականացուելիք ձեռնարկներուն մասին:
Սրբազան հայրերը նշեցին, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը յայտարարութիւն տարածած է, որմով կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան` «…Վճռականօրէն շարունակելու Օսմանեան կայսրութեան կողմից հայ ժողովրդի դէմ իրագործուած` 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը», ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան` ճանչնալու հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը եւ վերահաստատելու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները: