ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ճանչցուած Է «2013 Թուականի Լաւագոյն Նախարար»

Ապրիլ 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է «Իրաւունք» թերթի խմբագրութիւն: Այս տարի եւս «Իրաւունքը» աւանդաբար ամփոփած է տարբեր ոլորտներու մէջ հայ գործիչներու գործունէութիւնը, եւ, հաշուի առնելով իր ընթերցողներու կարծիքը, «2013 թուականի լաւագոյն նախարար»  ճանչցած է ՀՀ սփիւռքի նախարար ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԸ` Սփիւռքի հետ կապերու սերտացման հարցերուն նախաձեռնողական եւ հետեւողական ըլլալուն համար:

Հանդիպման ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարը մասնակցեցաւ նաեւ «Իրաւունքի» «Ուղիղ կապ» նախագիծին եւ շուրջ 80 վայրկեան քաղաքացիները հեռակապի միջոցով իրենց յուզող հարցերու պատասխանները կը ստանային նախարարէն: Հնչեց 21 հարց, եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տուաւ սպառիչ պատասխաններ, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին Քեսապի խնդիրներուն, սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, ուքրանական իրադարձութիւններուն, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, հայրենադարձութեան ուղղուած աշխատանքներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ այլն:

Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Իրաւունք» թերթի 25-ամեակին առիթով բարեմաղթանքներ յղեց խմբագրութեան ու թերթի հիմնադիր-խմբագիր Հայկ Բաբուխանեանին, նշեց, որ հայ հասարակութիւնը 25 տարի է` իր իրաւունքի, իրազեկութեան եւ տեղեկատուութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը կ’օգտագործէ «Իրաւունքի» հետ, ուստի ողջունելի է, որ անոր հիմնադիր ղեկավարը այժմ ալ զբաղած է օրինաստեղծ գործունէութեամբ եւ իր բեղուն աշխատանքով կրնայ օգտակար ըլլալ իր ընթերցողներուն, մեր հասարակութեան:

Scroll Up