ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Աշխատանքային Այցով Կը Գտնուէր Մալթայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/Untitled-134.jpg)
Նոյեմբեր 15-16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Մալթայի Հանրապետութեան Մէջ:
Մալթայի մայրաքաղաք Վալետայի «Hotel Excelsior» հիւրանոցի ժողովներու սրահին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպած է համայնքի խորհուրդին` նախագահ Վերա Պոյաճեանի ղեկավարութեամբ: Քննարկուած են համայնքի խնդիրներուն եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Համայնքի անդամները ներկայացուցած են կատարուած աշխատանքները, յառաջիկայ ծրագիրները: Վերա Պոյաճեան այցի հետ կապուած համայնքի ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը փոխանցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարին եւ նշած, որ Մալթայի փոքրաթիւ հայերը սիրով կը մասնակցին նախարարութեան ծրագիրներուն, յատկապէս պատանիներն ու երիտասարդները մեծ ոգեւորութեամբ կ’այցելեն Հայաստան եւ կը մասնակցին հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
Մալթայի հայ համայնքի խորհուրդի անդամները շնորհակալութեամբ ընդգծած են նաեւ, որ մշտապէս կը զգան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը հայապահպան բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ: Համայնքի գրասենեակը ստացած է ՀՀ խորհրդանիշներ, իսկ յառաջիկային կը նախատեսուի նախարարութեան աջակցութեամբ բանալ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ նախարարութեան հետ սերտ գործակցութեան համար` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատած է համայնքէն ներս հայապահպանութեան ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւններն եւ իրականացուած աշխատանքները:
Գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է «Մանկական եւրոտեսիլ 2014» երգի մրցոյթին հայաստանցի մասնակիցին աջակցելուն ուղղուած համայնքի ջանքերը: Մալթայի հայերը օգտագործած են իրենց տրամադրութեան տակ եղած ընկերութիւններու գովազդային հարթակները` հայ մասնակիցին` Պեթիին, հնարաւորինս սպառիչ բնութագրութեամբ ներկայացնելու համար:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրում ունենալու եւ Հայկական խաչքարի տեղադրման գործին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար համայնքի ղեկավար մարմնի անդամներ Սասուն Սահակեանին, Հայկ Շապոյեանին, Գրիգորի Ղասապեանին պարգեւատրած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով:
Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը Վերա Պոյաճեանի եւ համայնքի անդամներու ուղեկցութեամբ այցելած է համայնքի պուրակ եւ ծաղիկներ դրած «Ի նշան բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան Մալթայի ժողովուրդին 1375թ. եւ 1915թ.` Հայաստանի համար այդ ծանր օրերուն հայերուն ցուցաբերած օգնութեան համար» խաչքարին առջեւ: Արմաւիրի կարմիր տուֆէ պատրաստուած Խաչքարը բացուած է 2009 թուականին` Վալետայի քաղաքապետի եւ Մալթայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ:
Նոյն օրը նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է «Մանկական եւրոտեսիլ 2014» երգի մրցոյթի հայկական պատուիրակութեան, քաջալերած եւ յաջողութիւն մաղթած Պեթիին:
Նոյեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը աշխատանքային այցով մեկնած է Լոնտոն: