ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ոճը.լուսանկարներ

Wnews.am-ը կը շարունակէ ներկայացնել յայտնի կանանց ոճը:
Այս անգամ կայքը անդրադարձած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Ան երկար տարիներ կը գտնուի քաղաքականութեան մէջ եւ լաւ գիտէ պաշտօնեայ կանանց dress code-ի մանրամասները:
Կիրառական մաթեմաթիքայի բաժանմունքը աւարտած նախարարի կերպարներն ալ մաթեմաթիքայի պէս ճշգրիտ են` ուղիղ ձեւուածքներ, եռանկիւնաձեւ բացուածքներ` առանց շեղումներու եւ աւելորդութիւններու: Ան բաւականին բարձրահասակ է, այդ պատճառով, սովորաբար, կը կրէ ցած կրունկով կօշիկներ, իսկ մարգարտեայ շղթան ՀՀ սփիւռքի նախարարի սիրելի զարդն է եւ առկայ է գրեթէ բոլոր կերպարներուն մէջ: Հրանոյշ Յակոբեանի զգեստապահարանին մէջ շատ են ինքնատիպ զգեստները (costume):