Շուշան Պետրոսեան, Յասմիկ Կարապետեան, Շանթ Քիրմիզեան. «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide»

ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Շուշան Պետրոսեան, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ է, սիրուած հայ երգչուհի Յասմիկ Կարապետեան եւ անոր արեւմտահայ ամուսինը` սփիւռքահայ երաժիշտ Շանթ Քիրմիզեան միացած են «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide (Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը)» նախաձեռնութեան:

Նախաձեռնութիւն, որուն արդէն աշխարհի տարբեր երկիրներէն միացած են հազարաւոր մարդիկ: Այս քայլով անոնք կոչ կ’ընեն Թուրքիային եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած միւս երկիրներուն` ճանչնալ 1915 թուականին իրականացուած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացած է 1,5 միլիոն հայ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ստեղծուած շարժումը նախաձեռնած է մարսելահայ համայնքը՝ համայնքային գործիչներ Անի Ստեփանովի եւ Ռիչարտ Ֆինտիկեանի գլխաւորութեամբ:

«#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» նախաձեռնութիւնը Twitter եւ Facebook ընկերային ցանցերու մէջ ստեղծած է յատուկ խումբեր, եօթ լեզուով գործարկած է նաեւ յատուկ համացանցային կայք, իսկ կիրառութեան մէջ դրուած «#2015RTAG» հաշթակը արդէն լայն տարածում ստացած է համացանցի մէջ:

ՇուշանՀասմիկ և Շանթ

Scroll Up