Եւրոպայի ժողովրդավարական երիտասարդական համայնք կազմակերպութիւնը ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն ընդունած է

Եւրոպայի ժողովրդավարական երիտասարդական համայնք կազմակերպութեան (DEMYC-ի) գործադիր մարմինը Ապրիլ 23-ին ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաշտօնական յայտարարութիւն: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է ՀՀԿ երիտասարդական կազմակերպութեան նախագահ Կարէն Աւագեան:

Կարէն Աւագեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ DEMYC-ի ներկայացուցիչները Ապրիլ 23-26 պիտի գտնուին Երեւան, ուր պիտի կայանայ DEMYC-ի խորհուրդի հաւաքը: Ներկայացուցիչները պիտի մասնակցին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի բոլոր ձեռնարկներուն: Կարէն Աւագեան նշած է, որ DEMYC-ը կը միաւորէ մօտաւորապէս յիսուն երկրի կուսակցութիւններու երիտասարդական թեւեր:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը.

Վկայակոչելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը,

Վերահաստատելով մարդու իրաւունքներու սկզբունքները եւ եւրոպական արժէքները,

Դատապարտելով հայ ժողովուրդի դէմ Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ 1894-1923թթ. ծրագրուած եւ շարունակաբար իրականացուած ցեղասպանային գործողութիւնները, հայրենազրկումը, կոտորածներն ու ցեղային զտումները, որոնք միտուած էին հայ բնակչութեան բնաջնջման, հայկական ժառանգութեան ոչնչացման, ինչպէս նաեւ` ցեղասպանութեան ժխտումը, պատասխանատուութենէն խուսափելու, կատարուած յանցագործութիւնները եւ ատոնց հետեւանքները մոռացութեան մատնելու կամ արդարացնելու բոլոր փորձերը` իբրեւ շարունակութիւն այդ յանցագործութեան եւ քաջալերանք նոր ցեղասպանութիւններ գործելու:

DEMYC (Եւրոպայի ժողովրդավարական երիտասարդական համայնք) խորհուրդը կը յայտարարէ հետեւեալը.

  • Մենք կը դատապարտենք հայ ժողովուրդի դէմ Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէ 1894-1923թթ. ծրագրուած եւ շարունակաբար իրականացուած ցեղասպանային գործողութիւնները, ունեզրկումը, հայ բնակչութեան ոչնչացման ուղղուած կոտորածներն ու ցեղային զտումները, հայկական ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտումը,
  • Մենք կ’ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը եւ կը խոնարհինք այդ նահատակներու ու փրկուած հերոսներու առջեւ, որոնք պայքարած են իրենց կեանքի եւ մարդկային արժանապատուութեան համար: Աւելին, մենք կ’ընդունինք, որ Ցեղասպանութիւնը յանգեցուցած է ոչ միայն հայերու ոչնչացման եւ ունեզրկման, այլեւ տարածուած է Պոնտոսի յոյն եւ ասորի ժողովուրդներուն վրայ, որուն յիշատակը մենք նոյնպէս կ’ոգեկոչենք,
  • Մենք կը միանանք եւ վճռականօրէն կ’աջակցինք Հայաստանի յանձնառութեան եւ հայ ժողովուրդին` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգելման, ցեղասպանութեան ենթարկուած մարդոց իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման գործին մէջ,
  • Մենք կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ առերեսուելու պատմութեան հետ եւ վերջապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ատոր հատեւանքով վերջինիս կրած ունեզրկումը, ինչպէս նաեւ, չսահմանափակելով հայ ժողովուրդի վերադարձի եւ իրենց ազգային օճախներու անվտանգ վերամիաւորման իրաւունքը: Եւ այդ ամէնը պէտք է բխի ճշմարտութեան միջոցով հաշտութեան հասնելու հրամայականէն,
  • Մենք կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ կառավարութեան յարգելու եւ լիովին գիտակցելու իր ստանձնած իրաւական պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` այն դրոյթները, որոնք կը վերաբերին մշակութային ժառանգութեան պահպանման, մասնաւորապէս, բարեխղճօրէն իրականացնել միասնական գոյքագիրին մէջ հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութիւնններու, որոնք ոչնչացուած կամ աւերուած են անցեալ դարուն:

DEMYC Գործադիր մարմին

Scroll Up