Մայր Արաքսը վկայ էր հայերու ջարդին. համահայկական շարժման լուսանկարներ Արաքսի ափին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան» համահայկական շարժումը  օրէ օր մեծ հնչեղութիւն կը ստանայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Շարժման մասնակից դարձան նաեւ Արմաւիրի մարզի Ջանֆիտայի Է.Դաշտոյեանի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտները: Անոնք լուսանկարուած են Մայր Արաքսի ափին, որ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ իր մէջ. գաղթի ճանապարհին հայերուն սպաննելով կամ կենդանի վիճակի մէջ` վայրագ թուրքերը գետի վրայով երկարող կամուրջէն  կը նետէին Արաքս գետ: Շատ յաճախ հէնց գաղթեալները երեխաներուն հետ ճարահատեալ կը նետուէին գետ` վերջ տալով  չարչարանքներուն: Այս ամէնուն վկան էր Մայր Արաքսը, քանի որ ակամայ իր գիրկը կ’առնէր գլխակորոյս զաւակները: Գրականութեան մէջ կը նշուի, որ գարնան գետը  պղտոր  վարարած է, եւ այնքա՜ն շատ դիակ  լեցուած եղած է ջուրին մէջ, որ ամբողջութեամբ արիւն   հոսած է: Որքա՜ն տառապանք, որքա՜ն ցաւ ու պահանջ կայ  հոգիիդ մէջ, Արա՛քս: Եւ հիմա 21-րդ դարու սերունդը,  ափերուդ  հայու խրոխտ ոգով կանգնած, քեզի հետ միասին յիշելով եւ պահանջելով  կը գոչէ` «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան»…

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, վերջերս ծրագիրին մասնակցեցան  նաեւ Հալէպի ազգային-դպրոցներու (Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան եւ Ազգային մանկապարտէզ) աշակերտները: Երեխաներու թիւը կը հասնի աւելի  քան 700-ի: Անոնց լուսանկարները եւս ազդեցիկ են եւ յուզիչ. հալէպահայ երեխաները  լուսանկարուած են Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ներքնայարկը պատկերող պաստառի  ետնանկարով:

Յ.Գ.-յիշեցնենք, որ մինչեւ այժմ շարժման մասնակցած է շուրջ 6500 երեխայ` աշխարհի 13 երկրէ:

Երեխաներուն այս պաստառը  ձեռքին պահած պէտք է լուսանկարել Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող յուշակոթողի կամ նկարի մօտ, ապա լուսանկարը ուղարկել hayernaysor@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով:

ar1ar2ar3ar4ar5ar6ar7ar8

Scroll Up