ՀՀ Նախագահի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Անմեղ Զոհերու Յիշատակին

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀ խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներու ուղեկցութեամբ, այսօր այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ:

Յարգանքի տուրք մատուցելով անմեղ նահատակներու յիշատակին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն աղօթք կարդաց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:

Իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են նաեւ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:

Այս պահուն կը շարունակուի հազարաւոր մարդոց երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք:

genocide-museum.am

Scroll Up