Կլենտելի Մէջ Պիտի Կառուցուի Հայոց Պատմութիւնն Ու Մշակոյթը Ներկայացնող Թանգարան Եւ Ցեղասպանութեան Յուշարձան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/1106glendalegenocide21.jpg)
Կլենտելի քաղաքային խորհուրդի անդամները Նոյեմբեր 4-ի նիստին բացառիկ բանակցային համաձայնագիր կնքեցին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին հետ, ըստ որուն` Կլենտելի մէջ պիտի կառուցուի հայ-ամերիկեան թանգարան, կրթական-մշակութային կեդրոն եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:
Ըստ համաձայնագիրին` Կլենտելի քաղաքապետարանն ու համալիրի նախագիծը հեղինակած 100-ամեակի յանձնախումբը պիտի բանակցին Կլենտելի «Սիվիք Աուդիթորիումի» եւ Հանրային քոլեճի հարեւանութեամբ գտնուող տարածքին մէջ կեդրոնի կառուցման մանրամասներու շուրջ:
«Այսօր պատմական օր է, քանզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ մեզի հնարաւորութիւն կը տրուի Կլենտելի մէջ ստեղծել հաստատութիւն մը, որ ամերիկացի ժողովուրդին պիտի ներկայացնէ հայոց պատմութիւնը, որուն մէկ մասը կը կազմէ Ցեղասպանութիւնը: Միաժամանակ` կրթական կեդրոն, ուր բոլորին հնարաւորութիւն պիտի տրուի ծանօթանալու մեր ազգին, նաեւ տեղեկանալու մարդկութեան դէմ գործուած ամենամեծ յանցագործութիւններէն մէկուն մասին, ինչպէս նաեւ վերապրածներուն` ԱՄՆ օգնութեան մասին», -նշեց յանձնախումբի անդամ Պերճ Կարապետեան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ համայնքը ներկայացնող 18 կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Կլենտելի քաղաքապետարանին ներկայացուցած էր թանգարանի եւ յուշարձանի կառուցման նախագիծ` ակնկալելով վարձակալութեամբ հողատարածք եւ կառոյցի թոյլտւութիւն:
Քալիֆորնիոյ մէջ կան բազմաթիւ էթնիկ խումբերու պատկանող թանգարաններ եւ մշակութային կեդրոններ (բնիկ ամերիկացիներու, ամերիկա-չինական, ամերիկա-իտալական եւ այլն), որոնք կը ներկայացնեն նահանգի մշակութային բազմազանութիւնը:
«Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ կրթական կեդրոն ունենալը չափազանց կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ամերիկացի ժողովուրդին առաւել հանգամանալից պիտի ներկայացուի Քալիֆորնիոյ մէջ նշանակալի թիւ կազմող եւ մեծ ներդրում ունեցող հայ համայնքին մասին»,- քաղաքի խորհուրդի անդամներուն եւ նիստին ներկայ հանրութեան նախագիծը ներկայացնելով յայտնեց 100-ամեակի յանձնախումբի համանախագահ Թալին Եակուբեան:
«Մեզի առիթ տրուեցաւ կառուցելու թանգարան, ուր պիտի ներկայացուի հայոց պատմութիւնը, որուն ամենաողբալի հանգրուանը եղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս կառոյցը պէտք է ցոյց տայ մեր յաղթանակը` այն, որ հարիւր տարի անց, մենք ոչ միայն կանք, այստեղ ենք, այլ կրնանք նաեւ կառուցել թանգարաններ, կրթական հաստատութիւններ, եւ այն փոխանցել սերունդներուն` ի յարգանս մեր նահատակներուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն ամերիկային, որ ապաստան տուած է Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն ու անոնց սերունդներուն»,- նշեց յանձնախումբի համանախագահ, փաստաբան Կարօ Ղազարեան: «Այս կեդրոնը պիտի ըլլայ կեանքի, արդարութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշը»,- իր խօսքին մէջ նշեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Կլենտելի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ հաստատութիւնը հայ համայնքի նուէրը պիտի ըլլայ քաղաքին, ընդգծելով կրթական կեդրոնի կարեւորութիւնը: Քաղաքի խորհուրդի անդամները եւս շեշտեցին նման թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի անհրաժեշտութիւնը Կլենտելի կեանքին մէջ` յորդորելով հանրութեան աշխուժօրէն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ` ֆինանսապէս աջակցելու կեդրոնի կառուցման:
Նանէ Աւագեան
«Ասպարէզ»