Վիրահայոց Թեմը Միացաւ «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» Նախաձեռնութեան
2014 թուական Նոյեմբեր 9-ին, Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին յաջորդեց «Հայարտուն» կեդրոնի (ղեկավար` Լեւոն Չիդիլեան) եւ թեմի երիտասարդութեան հարցերու բաժինի (տնօրէն` Վալերի Պատալեան) կազմակերպած «Կանք եւ կը լինենք» նշանաբանով բողոքի գործողութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին արձագանքելով Մարսէլի հայոց համայնքի նախաձեռնութեան, Վիրահայոց թեմը միացաւ «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» («# 2015RTAG. ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը») նախաձեռնութեան, որ կը գլխաւորեն Անի Ստեպանովան եւ Ռիչարտ Ֆնտիկեանը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը հաղորդեն վիրահայոց թեմի մամլոյ ծառայութենէն:
«Անի» եւ «Հայարտուն» կեդրոնի «Տարօն» երիտասարդական պարային խումբերու անդամներու մասնակցութեամբ ֆլեշմոպը ընթացաւ սպիտակ վերնաշապիկներ հագած երիտասարդներու հայոց աւանդական «Քոչարի» պարի երաժշտութեան ներքոյ, պարային ըմբոստ շարժումներով կոչ ընելով քաղաքակիրթ աշխարհին «Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Ֆլեշմոպի կազմակերպիչը եւ գեղարուեստական ղեկավարը պարուսոյց Անգելինա Նազարեան-Քոչեանն էր:
Ֆլեշմոպին ներկայ էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիւի Շահնազարը, հասարակական գործիչ Սամուէլ Աղեկեանը, հոգեւոր դասը, հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ, հոծ բազմութիւն: Քիչ մը ուշացումով բողոքի-ցոյցին միացան ՀՀ Ազգային ժողովի անդամ Տաճատ Վարդապետեան եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու հայ համայնքներու վարչութեան կովկասեան տարածաշրջանի բաժինի պետ Տարօն Շագոյեան: Խրոխտ եւ ցասումնալից պարէն ետք տարածուեցան «# 2015RTAG. ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գրութեամբ թերթիկներ: Վիրահայոց թեմը պահանջատիրոջ իրաւունքով քաղաքակիրթ աշխարհին ուղղեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու կոչը եւ միացաւ համահայկական նախաձեռնութեան: