Հարաւային Ամերիկան դրական ակնարկներ կ’ընէ ԼՂՀ ճանաչման կապակցութեամբ
Հարաւային Ամերիկան, յատկապէս Ուրուկուէյը, նախորդ տարիներուն ընթացքին շատ ուժեղ ուղերձներ յղած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցով: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է ՀՅԴ անդամ, ԱՊՀ երկիրներու, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան պետութիւններու Սոցինտէրնի յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ դատի գրասենեակի գործունէութեան:
Անոր խօսքով` ԼՂՀ անկախութեան ճանաչումը բնականաբար հեշտ գործընթացք չէ: «Կը ցանկայի ընդգծել, որ այս տարի Ուրուկուէյի ԱԳ նախարար Լուիս Ալմակրոն շատ վառ ելոյթ ունեցած էր, ուր ողջունած էր ԼՂՀ ժողովուրդը եւ յաջողութիւն մաղթած: Այդ յայտարարութեամբ ան հակուած էր ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: 3 տարի առաջ Ուրուկուէյը խորհրդարանական պատուիրակութիւն ուղարկած էր Ղարաբաղ:
Երկրի խորհրդարանի ղեկավարն ու բազմակուսակցական պատուիրակութիւնը այցելած էին Լեռնային Ղարաբաղ եւ համապատասխան հանդիպումներ ունեցած էին»,- յիշեցուցած է Մարիօ Նալպանտեան:
Ան նշած է, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ շատ բարձր է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գիտակցութեան մակարդակը:
«Ատիկա կը խթանէ շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման աշխատանքները: Գործընթացքը, ինչպէս ըսի, բարդ է, բայց այս պարագային ճշմարտութիւնը հայ ժողովուրդին կողմէն է, եւ մենք պէտք է շարունակենք այդ աշխատանքներու իրականացումը»,- աւելցուցած է Մարիօ Նալպանտեան:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Սեպտեմբեր 9-ին Ուրուկուէյի ԱԳ նախարար Լուիս Ալմակրոն Հարաւային Ամերիիկայի «Հայ դատի» գրասենեակի կազմակերպած համաժողովին աննախադէպ յայտարարութիւն ըրած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցով. «Այսօր մենք կ’ուսումնասիրենք հարցը, որպէսզի պետական մակարդակով մեր տեսակէտը արտայայտենք, սակայն ես անձամբ վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի պատմական մասն է եւ պէտք է ըլլայ անկախ եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին միանայ Հայաստանին: Ատիկա Ղարաբաղի հիմնախնդրի միակ լուծումն է»: