Պաշտօնական Այցով Իրանի Մէջ Գտնուող ՀՀ Վարչապետի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Կազմին Է Նաեւ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան

Պաշտօնական այցով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ գտնուող ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Այցի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիր, ուր Հայաստանի կառավարութեան անդամներուն ողջունած են կրթահամալիրի սաները, ուսուցիչները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Ողջունելով ներկաները` վարչապետ Աբրահամեան բարձր  գնահատած է կրթահամալիրի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ կառավարութեան աջակցութիւնը յայտնած է ազգապահպանութեան ուղղուած համայնքի իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան:

Այսօր վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Նոր Ջուղայի մարզամշակութային «Արարատ» միութիւն, պիտի մասնակցի Նոր Ջուղայի Սբ. Ամենափրկիչ վանքի Սբ. Յովսէփ եկեղեցւոյ 350-ամեակին նուիրուած յոբելեանական հանդիսութեան:

Հոկտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան հիմնադրման եւ գործունէութեան 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:

Scroll Up