Դեկտեմբեր 23-ին 100 Սուրիահայ Երեխաներ Ամանորեայ Նուէրներ Պիտի Ստանան 100 Յայտնի Մարդոցմէ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համագործակցութեամբ պիտի իրականացուի իւրայատուկ ծրագիր` «100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար»:

Ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի 100 յայտնի մարդիկ, Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի ծայրամասերուն մէջ բնակութիւն հաստատած 100 սուրիահայ երեխաներու համար «Հարիւր» խորհրդանշական թիւով ամանորեայ նուէրներ   պատրաստած են:

Նշենք, որ  ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ 18 ուքրանահայ երեխաներ, որոնք երկրին մէջ տիրող անկայուն վիճակէն  ետք տեղափոխուած են Հայաստան:

«100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար» ծրագիրի գլխաւոր գործընկերը «Ջամբօ» ռեստորան-զբօսայգին է: Վերջինիս սեփականատէր Արտեոմ Վարդանեան Դեկտեմբեր 23-ին, ժամը 14:00-ին 100 սուրիահայ երեխաները պիտի հիւրընկալէ  «Ջամբօ»  ռեստորանին մէջ, ուր անոնց բազմաթիւ անակնկալներ կը սպասէ:

Ծրագիրի համերգային մասին մէջ իրենց կատարումներով հանդէս պիտի գան յայտնի երգիչ-երգչուհիներ`  Զարուհի Պապայեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Նառան, Անգելինա Գասպարեան, Պեթին, Տալիթան եւ այլք:

Ձեռնարկին աւարտին սուրիահայ երեխաները կը ստանան իրենց ամանորեայ նուէրները:

Ծրագիրի  ծիրէն ներս  արդէն նուէրներ  պատրաստած են աւելի քան 80 յայտնի մարդիկ:

Հաշուի առնելով հասարակութեան մեծ հետաքրքրութիւնը ծրագիրին հանդէպ եւ երեխաներու մեծ թիւը` որոշուած է իրականացնել նաեւ երկրորդ փուլը` «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով, որուն ծիրէն ներս  եւս 100 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու պիտի յանձնուին ամանորեայ նուէրներ: Այս անգամ իբրեւ նուիրատուներ ընդգրկուած են համահայկական եւ միջազգային կառոյցները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու հայաստանեան ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ:

Երկրորդ փուլի ամանորեայ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 24-ին «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնին մէջ:

Ծրագիրի մէկ փուլն ալ պիտի իրականացուի Արարատի մարզի Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող սուրիահայ եւ իրաքահայ ընտանիքներու երեխաներուն համար:

«100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար»,  ինչպէս նաեւ «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» ծրագիրները  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հերթական նախաձեռնութիւնն է` ուղղուած Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:

 

 

Scroll Up