ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Իրանահայ Լոնտոնաբնակ Նկարիչ Էտման Այվազեանը

Նոյեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց իրանահայ նկարիչ (ներկայիս լոնտոնաբնակ)  Էտման Այվազեանը եւ  տիկնոջ` Թելմա Այվազեանը:

Էտման Այվազեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ իր ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուելու եւ զինք նախարարութեան «Արշիլ Գորկի» մետալով պարգեւատրելու համար:

Մէկ անգամ եւս բարձր գնահատելով Էտման Այվազեանի ստեղծագործական վաստակը եւ ճարտարապետական ու տիզայներական նախագիծերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ  օր մը Հայաստանի մէջ իրողութիւն կը դառնայ Վարպետի ստեղծագործութիւններու մնայուն թանգարանի գոյութիւնը:

Հանդիպան կը մասնակցէր Լոնտոնի հայ համայնքի աշխոյժ գործիչ Լիլի Ադամեան:

02

Scroll Up