Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հարվըրտի Համալսարան
Աշխարհի ամենայայտնի ու հեղինակաւոր համալսարաններէն մէկը` Հարվըրտի համալսարանը կը գտնուի Մասաչուսէթս նահանգի Պոսթըն եւ Քեմպրիճ քաղաքներուն մէջ: Այն այսօր ունի աւելի քան 360.000 շրջանաւարտ աշխարհի 190 երկիրներու մէջ:
ԱՄՆ տարածքին մէջ ամենահին այս համալսարանը ունի 12 կրթական հաստատութիւն, որոնցմէ մէկը Քէնետիի անուան հասարակական հարցերով հաստատութիւնն է` Կառավարման դպրոցը:
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ` Մարտ 30-ին հէնց այստեղ այց կատարեց Հայաստանի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի քաղաքականութեան, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի, Հայաստանի խնդիրները երկրէն ներս լուծելու մասին: Ան յոյս յայտնեց, որ աճող հնարաւորութիւններու պայմաններուն մէջ կ’աւելնայ նման հաստատութիւններ աւարտած եւ Հայաստան վերադարձող հայ շրջանաւարտներու թիւը:
Նշենք, որ Հայաստանի պատուիրակութեան այցի կապակցութեամբ Հարվըրտի համալսարանի գլխաւոր շէնքերէն մէկուն ճակտին ԱՄՆ-ի դրօշի կողքին կը ծածանէր նաեւ Հայաստանի պետական դրօշը: