Սիտնէյի Մէջ Կայացաւ Հայկական Փառատօնը` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Ներկայութեամբ (լուսանկարներ)
Մարտ 22-ին Սիտնէյի Թումպալոնկ զբօսայգիի Տարլինկ Հարպոր նաւահանգիստի մօտ, տեղի ունեցաւ Սիտնէյի Հայկական փառատօն 2015-ը՝
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբի հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ օգնութեան միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ:
Փառատօնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան Սիտնէյ մեկնած աշխատակիցը:
Փառատօնին ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, հազարաւոր հայեր եւ օտարներ:
Նախարար Հ. Յակոբեան Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար Կլէտիս Պերեճիկլեանի հետ շրջեցաւ փառատօնի ծիրէն ներս բացուած բոլոր տաղաւարները եւ զրուցեց հայրենակիցներու հետ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կլէտիս Պերեճիկլեան, ապա ելոյթ ունեցաւ նախարար Յակոբեան:
«Ուզում եմ շնորհակալ լինել Աւստրալիայի իշխանութեանը, որ ստեղծել է այն պայմանները, որ դոք հաստատուելով այս երկրում կարողացել էք պահպանել լեզուն մշակոյթը, աւանդոյթը եւ դա իր հերթին ի ցոյց դնել միւսների համար. Շնորհակալութիւն Աւստրալիա»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ նախարարը աւելցնելով՝ «Դուք դարձել էք Աւստրալիայի լաւագոյն քաղաքացիներ, օրինապաշտ քաղաքացիներ եւ միաժամանակ պահպանել ձեր ինքնութիւնը: Ձեր ջանքերի, մեր կուսակցոութիւնների համատեղ ջանքերի, Հայ դատի ջանքերի շնորիւ է հարաւային Ոււելսը ճանաչել է մեր երկրորդ հանրապետութեան անկախութիւնը: Կեցցէ՛ Արցախի հանրապետութիւնը»:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին՝ ասելով,- “Մենք յաղթեցինք թուրքին, թուրքը չկարողացաւ ոչնչացնել մեզ, նրա պետական քաղաքակնութիւնը չիրականացաւ”։
Փառատօնին երգի ու պարի համարներով հանդէս եկան Համազգայինի Սիդնեյի պարի անսամպլը, Համազգայինի Նայիրի պարախուբը, Գոլստեն ճեմարանի աշակերտութիւնը, Black Bird խումբը, Մարիա Ղարեմանեանը, Վարդան Մարտիրոսեանը, իսկ երեկոն եզրափակեցին Հայաստանէն ժամանած փառատօնի պատուաւոր հիւրեր՝ Զարուհի Պապայեանն ու Համլէթ Գէւորգեանը, որոնք իրենց կատարումներով ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն:
Երեկոյի աւարտին նախարարը հանդիպում ունեցաւ Համազգայինի Սիտնէյ պարի անսամպլի ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան խումբի գոգրծունէութեան հետ առնչուող հարցեր:
Նշենք, որ Մարտ 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Աւստրալիա: Այցի ծիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբի, աւստրալահայ տարբեր կառոյցներու՝ կուսակցութիւններու, բարեգործական կազմակերպութիւններու, կանանց, երիտասարդական միութիւններու, գործարար շրջանակներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ, այցելութիւններ հայկական վարժարաններ, մշակութային կեդրոններ, եկեղեցիներ, հարցազրոյցներ հայալեզու լրատուամիջոցներուն։
Նկատի առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու կարեւորութիւնը կը նախատեսուի նախարարի այցը մայրաքաղաք Կանպերա՝ կարգ մը քաղաքական հանդիպումներ ունենալու նպատակով: