«Իմ Հայաստան – 2014». Երախտագիտութեան Խօսք` Նուիրուած «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին…

«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ  «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի մասնակիցներու կարծիքներն ու տպաւորութիւնները.

Անգելինա Նազարեան – Քոլեան, Վրաստան, Թիֆլիս – Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մեզի նման հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Այս ամէնուն շնորհիւ հայ զաւակները կրկին կրցան գտնուիլ իրենց մայր հողին վրայ եւ հայու միասնական ոգիով ապրելու: Փառատօնը շատ կարեւոր է աշխարհասփիւռ հայերուս մէկ տանիքի տակ հաւաքելու եւ Հայաստանի մէջ հիւընկալուելու համար: Ես «Անի»  պարային համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն եմ:

Աննա Շմաւոնեան, Քուէյթ – Նախ եւ առաջ կը ցանկամ Քուէյթի «Շաքէ» պարախումբի պարողներու եւ գաղութի պատասխանատուներու անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնել «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի բոլոր կազմակերպիչներուն, որոնք իրենց տքնաջան ու բծախնդիր աշխատանքով առիթ ընծայեցին իրականացնելու աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած բազմաթիւ հայ պատանիներու եւ աղջիկներու երազանքը` պարել Հայաստանի տարբեր բեմերու վրայ: Այս փառատօնը հոյակապ առիթ է բոլորիս համար եւս մէկ անգամ բարձրացնել ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ հպարտութիւնը, որ կը նպաստէ հայրենիքի հետ մեր կապերու ամրապնդման ու անքակտելիութեան: Բոլորիս կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ: Ես Քուէյթի «Շաքէ» պարախումբի պարուսոյցն եմ:

 Համլէթ Յովհաննիսեան, Ուքրանիա –  Չափազանց ուրախ եւ ոգեւորուած ենք,  որ  հայրենի հողի վրայ կը գտնուիմ: Շատ շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի կազմակերպիչներուն ընձեռած հնարաւորութեան համար:

 Այն տպաւորութիւնները, որոնք ստացանք Հայաստանի մէջ, պիտի ուղեկցին մեզի ողջ կեանքի ընթացքին: Ուքրանիոյ «Արաքս» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն եմ:

Գառնի Պետիրեան, Քուէյթ – Նախ կ’ուզեմ իմ խորը շնորհակալութիւնը  յայտնել Սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս Հրանոյշ Յակոբեանին, եւ ի հարկէ բոլոր կազմակերպիչներուն, որոնք որեւէ ճիգ չխնայեցին եւ աշխատեցան նման ձեռնարկ մը ի յայտ բերելու: Մաս կը կազմեմ Քուէյթի «Շաքէ»  պարախումբին: Երրորդ անգամն է կը գտնուիմ Հայաստանի մէջ, բայց առաջին անագմն է կը մասնակցիմ «Իմ Հայաստան» փառատօնին: Այս փառատօնը շատ գեղեցիկ առիթ մըն է ամրացնելու կապը սփիւռքահայերու միջեւ եւ նաեւ պահպանելու իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը:

Այս տաս օրերուն ընթացքին ունեցանք անբացատրելի զգացումներ յատկապէս Արցախի մէջ, երբ պարեցինք Արցախ պարը:

Վերջաւորութեան  կ’ուզեմ յաջողութիւն  մաղթել ձեզի եւ բարի երթ: Կը սպասենք յաջորդ փառատoնը:

Scroll Up