Հալէպի Կրթասիրաց Երկրորդական Վարժարանէն Հիւրեր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Յուլիս 29-ին Հալէպի Կրթասիրաց Ս. Ջեմբերճեան երկրորդական վարժարանի երկարամեայ տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան եւ Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան խնամակալութեան անդամ Ճորճ Քասարեան այցելեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի փոխնախագահ Ալեքսան Քարատանայեան, որ նոյնպէս Հալէպի Կրթասիրաց Ս. Ջեմբերճեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան երկարամեայ անդամ եղած է:
Անդրանիկ Պօղոսեան ներկայացուց վարժարանի անցած ճանապարհը եւ ներկայիս գործունէութիւնը: Վարժարանը հիմնադրուած է 1924 թուականին` որպէս նախակրթարան, 2003 թուականին վարժարանին մէջ բացուած է միջնակարգ բաժին` աշակերտներու յետագայ կրթութիւնը ապահովելու նպատակով:
2006 թուականին Կրթասիրացի զարգանալու արդիւնքով բացուած է երկրորդականի բաժին եւ այն վերանուանուած է Կրթասիրաց Սարգիս Ջեմբերճեան երկրորդական վարժարան` բարերար եւ նուիրատու Գաբրիէլ Ջեմբերճեանի նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ: Վերջին տարիներուն դպրոց յաճախած են նաեւ այլազգի քրիստոնեայ աշակերտներ, որոնք հայեցի կրթութիւն ստանալով յետագային կը դառնան «հայերու դեսպաններն օտար երկրի մէջ»: Այսօր դպրոցն ունի 540 աշակերտ:
Անտեսելով ներկայիս դժուարին պայմանները` վարժարանը առ այսօր կը շարունակէ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը ունենալ Հալէպի հայկական, ազգային, մշակութային կեանքին եւ հայ զաւակներու ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին մէջ:
Բարձր գնահատելով Անդրանիկ Պօղոսեանի համայնքային արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անգնահատելի աւանդը Հայաստան-Սփիւռք գիտակրթական գործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման, սերունդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ` նախարար Հրանուշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
Անդրանիկ Պօղոսեան եղած է Քամիշլիի քաղաքապետարանի անդամ, եղած է ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ, ապա` ատենապետ:
1990-1993թթ. եղած է Քամիշլի քաղաքի եւ իր շրջաններու թաղական խորհուրդի ատենապետ: 1991թ. ընտրուած է Բերիոյ թեմի գաւառական ժողովի անդամ` ներկայացնելով Ճեզիրէի շրջանը: Երկրորդ եւ երրորդ անգամ վերընտրուած է Բերիոյ թեմի գաւառական ժողովի անդամ` առ այսօր ներկայացնելով Հալէպի մայր գաղութը: Եղած է Բերիոյ թեմի հայկական կալուածներու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ապա` նոյն խորհուրդի ատենապետ: Եղած է Բերիոյ թեմի դատաստանական խորհուրդի նախադատ ատեանի դատախազ: 1999թ.-էն առ այսօր Կրթասիրաց Ս. Ջեմբերճեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն:
Անդրանիկ Պօղոսեան եւ Ճորճ Քասարեան բարձր գնահատեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ջանքերը այս դժուարին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքին աջակցելուն եւ համայնքը կանգուն պահելուն ուղղուած ջանքերուն համար: Անոնք ողջ սուրիահայ համայնքի երախտիքի խօսքը փոխանցեցին` նշելով, որ իրենց թիկունքին մշտապէս զգացած են Հայրենիքի հզօր աջակցութիւնը: