ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Սուրիոյ Գամիշլի Քաղաքի Հայազգի Բժիշկ Զարեհ Սիմոնեանը Եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի Տէր Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանը

Փետրուար 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սուրիոյ Գամիշլի հայաշատ քաղաքի բնակիչ, բժիշկ Զարեհ Սիմոնեանը եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանի Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանը:

Բժիշկ Զարեհ Սիմոնեանը ներկայացուց այս օրերուն Սուրիա գտնուող հայերու ծանր վիճակը, որոնք աջակցութեան կարիք ունին: Ի տարբերութիւն Դամասկոսի եւ Հալէպի` Գամիշլիի հայերը կը գտնուին համեմատաբար անվտանգ վիճակի մէջ, սակայն Գամիշլիէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ մշտական ռմբակոծութիւններու պատճառով բնակավայրերը վտանգուած են:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու առողջապահական, կրթական, հասարակական  եւ այլ հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ`  սուրիահայերու համար բնակարանաշինութեան «Նոր Հալէպ» ծրագիրը: Ան ներկայացուց նաեւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետեւողական աշխատանքը եւ կարեւոր համարեց, որ պատերազմական գործողութիւններու ամբողջ ընթացքին Սուրիոյ մէջ չդադրեցան գործել ՀՀ դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիա գտնուող սուրիահայերու անվտանգութեան ապահովման, օգնութեան տրամադրման, անձնագրային եւ մուտքի արտօնագիրի  ձեռքբերման վերաբերող խնդիրներ:

Scroll Up