ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Եւ ԱԳՆ-ը Մշտապէս Կապի Մէջ Են Հայ Համայնքի Եւ Սուրիոյ ՄԷջ Հայաստանեան Դիւանագիտական Կառոյցներուն Հետ

Վերջին օրերուն աղէտալի իրադարձութիւնները Սուրիոյ մէջ դարձեալ կորստաբեր եղան հայ համայնքին համար:

Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին մէջ ռումբի պայթումի հետեւանքով զոհուած է երեք (Ռահել Դաւիդեան, Միսաք Պարգեւ Պոշկեզէնեան, Անդրանիկ Գանթարճեան) եւ վիրաւորուած է երկու հայ (Մանուկ Ղազարեան, Յովսէփ Արամեան):

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ԱԳՆ-ը մշտապէս կապի մէջ են հայ համայնքի եւ Սուրիոյ մէջ հայաստանեան դիւանագիտական կառոյցներուն հետ: Կատարուած է վերլուծութիւն եւ իրավիճակի գնահատում: Չի գործեր Հալէպի օդակայանը, վտանգուած են ցամաքային ճանապարհները: Չնայած այս ամէնուն, կը նախատեսուի մարդասիրական օգնութեան կազմակերպում Լաթաքիոյ մէջ: Կը շարունակուի  օժանդակութիւնը Հայաստան ժամանած սուրիահայ ընտանիքներուն:

Սփիւռքեան համայնքները կրկին իրենց ձայնը կը  բարձրացնեն ի պաշտպանութիւն եւ աջակցութիւն սուրիահայութեան:

Հայ Դատի ԱՄՆ գրասենեակէն յայտնած են, որ ամերիկաբնակ հայերն իրենց անհանգստութիւնը  յայտնած են Հալէպի հայաբնակ շրջաններուն մէջ սաստկացած յարձակումներուն հետ կապուած: Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը բոլորին կոչ ուղղած է դիմել ԱՄՆ նախագահին, պահանջելով դադրեցնել Հալէպի մէջ քրիստոնեաներու եւ քաղաքացիներու ռմբակոծումը, ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս չխոչընդոտէ Եփրատի ջուրի ազատ հոսքը Սուրիա:

Հալէպի վերջին օրերուն իրադարձութիւններուն հետ կապուած իր խիստ մտահոգութիւնը  յայտնած է  Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Հռոմի պապի հետ հանդիպման ժամանակ յիշեցուցած  է  քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն

Scroll Up