Սփիւռքի Նախարարը Դիմած Է ԿԽՄԿ-ը, Որ Օգնեն Քեսապահայերուն Միանալու Իրենց Ընտանիքներուն
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան դիմած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին Թուրքիոյ մէջ գտնուող քեսապահայերուն օգնելու իրենց ընտանիքներուն հետ միաւորուելու խնդրանքով:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուց նորանշանակ նախարարը: Նախարարի հաւաստմամբ, ներկայիս Թուրքիոյ հայկական Վաքըֆ քաղաքին մէջ կը գտնուին 22 քեսապահայեր, որոնց տուեալները փոխանցուած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչին:
«Քեսապեան դէպքերի պատճառով մեր հայրենակիցների հիմնական մասը բնակւում է հարազատների ընտանիքներում, մի մասը Այնճարում է, Պէյրութում, իսկ միւս մասն էլ դեռ բնակարան, տուն չունի, Լաթաքիայի եկեղեցու տարածքում է ապաստանել: Քեսապահայերից 22-ը պատանդ վերցուեցին ու տեղահանուեցին, այժմ Թուրքիայի Վաքըֆ հայկական գիւղում են: Նախարարութիւնը դիմել է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեանը, նրան յանձնել այն բոլոր քեսապահայերի ցուցակը, ովքեր գտնւում են Թուրքիայում, եւ խնդրել օգնել, որպէսզի քեսապահայերը միաւորուեն իրենց ընտանիքների հետ: Այս պահին կարմիր խաչը աշխատանքներ է տանում, որ Թուրքիայի քեսապցիներին տեղափոխի»,-ըսաւ նախարարը:
Հրանուշ Յակոբեանի խօսքով` Քեսապ թափանցած ու այն դատարկած հրոսակներուն օգնելու, հովանաւորելու Թուրքիոյ քայլերը եւս իրենց մէջ կը պարունակեն ցեղասպանութեան տարր, ինչ որ եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ Թուրքիոյ իրական դէմքը: «Աշխարհի շատ ու շատ երկրներ կրկին համոզուեցին, որ Թուրքիան ժողովրդավարացման ճամփան դեռ չի բռնել, ինչպէս ձեւացնում է:
Կարծում եմ, որ հայ ժողովուրդը եւ մեզ սատարող շատ ու շատ պետութիւններ քեսապի համար պէտք է պայքարեն այնքան ժամանակ, մինչեւ քեսապահայերը վերադառնան իրենց լքուած տներն ու շէնացնեն դրանք: Սա պէտք է մեր նուազագոյն նպատակներից լինի` շարունակելով պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցում»,-նշեց նախարարը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի մէջ այնքան հզօր է, զարգացած, գրագէտ, լուրջ, գիտէ իր իրաւունքները, որ երբեք պիտի չի լռէ եւ պիտի հասնի արդար դատաստանի:
Թուրք-սուրիական սահմանի մերձակայքը եւ Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող Քեսապ գիւղաքաղաքի վրայ յարձակումը սկսած է մարտ 21-ին Թուրքիոյ սահմանի ութ կէտերէն: Տեղեկութիւններ հաղորդուած են, որ յարձակումը իրականացուցած են «Ճապհա ալ Նուսրա» եւ «Ճէյշ ալ Իսլամ» խմբաւորումները:
Գիւղաքաղաքէն բնակիչներու մեծ մասը տեղափոխուած է առաւել ապահով վայրեր, իսկ որոշ ընտանիքներ, ներառեալ` մեծահասակներ, մնացած են իրենց տուները, աւելի ուշ գերի վերցուած են զինեալներու կողմէ: Անոնց մեծամասնութիւնը տարած են Թուրքիոյ Վաքըֆ հայաբնակ գիւղ, ոմանց ետ վերադարձուցած Լաթաքիա: Հայերու մեծամասնութիւնը ապաստան գտած է Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մօտ գտնուող ազգային կառոյցներ: Տեղի հայկական շտապօգնութեան մարմինը Սուրիոյ Կարմիր մահիկի կազմակերպութեան հետ անհրաժեշտ պարագաներով եւ սնունդով ապահոված է բնակիչներուն:
Տարբեր համահայկական կառոյցներ կ’իրականացնեն դրամահաւաք կարիքաւոր քեսապահայերուն օգնելու համար, աշխարհասփիւռ հայ քաղաքական ու հասարակական կառոյցներն ալ կը փորձեն հարցը բարձրացնել քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներուն մէջ` պահանջելով Թուրքիոյ ստիպել դադրեցնել օգնութիւնը ծայրահեղական զինեալ ուժերուն եւ ապահովել խաղաղ բնակչութեան վերադարձը իրենց բնակավայր:
armenpress.am