Մեր Ծրագրին Մասնակցած Հալէպի Աշակերտներու Աչքերը Կը Վկայեն, որ Այս Համայնքը Յաւերժ Պիտի Ապրի
“Ցեղասպանութեան հետեւանքով միլիոնաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ չեկան” ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, “Հայերն Այսօր” տեղեկատուական պարբերականի ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հալէպի ազգային դպրոցներու (Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան եւ ազգային մանկապարտէզի) աւելի քան 700 աշակերտներ, որոնք նկարուած են Տէր Զօրի Սրբոց նահատակաց յուշահամալիրի ներքնայարկի ետնանկարով։
Նայեցէք երեխաներու աչքերուն եւ կը հասկնաք, թէ ինչ ապրումներ ունեցած են անոնք անցնող երեք տարիներու ընթացքին, անոնց ժպիտի մէջ անգամ թախիծ կայ, միաժամանակ ինչքան ուժ եւ կամք, յոյս եւ գիտակցութիւն կայ անոնց հայեացներուն մէջ…
Նայեցէք անոնց աչքերուն եւ կը համոզուիք, որ այս համայնքը յաւերժ պիտի ապրի…
Այս պայմաններու մէջ, մեր ծրագրին նման մեծ պատասխանատւութեամբ մասնակցող երեխաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են կազմակերպելու համար նման մասնակցութիւն՝ շնորհակալութիւն յայտնելը շատ քիչ է, անկեղծօրէն ու հեռու մնալով չափազանցութիւններէն կարելի է խոնարհիլ անոնցմէ իւրաքանչիւրին առջեւ…
Քանի դուք կաք եւ այսպէ՛ս կաք, թուրքը արդէն պարտուած է…
“Հայերն Այսօր”
ՅԳ. Նշենք, որ ծրագրի մասնակիցներուն թիւը հասած է մօտ 6000-ի, մասնակից առաջին համայնքը եղաւ Քուէյթը, առ այժմ ծրագրին մասնակցած է 13 երկիր, ամենակազմակերպուած եւ մեծ թիւով մասնակցող երկիրներն են՝ Հայաստանը, Սուրիան եւ Քուէյթը:
Յոյսով ենք, որ Հալէպի նման մասնակցութիւնը կ’ոգեւորէ նաեւ միւս համայնքները, եւ իրենք եւս նոյն պատասխանատւութեամբ կը մասնակցին մեր ծրագրին։
Ընդամէնը երեխաներու ձեռքը պէտք է տալ այս պաստառը եւ զիրենք նկարել Ցեղապանութիւնը յիշեցնող որեւէ յուշակոթողի կամ նկարի մօտ, իսկ նկարները ուղարկել hayernaysor@gmail.com հասցէին։