Իսլամացած Հայերը` Ուշադրութեան Կեդրոնին
«Արի տուն» ծրագիրը ոչ միայն օրաւուր հետաքրքիր ու բազմաբովանդակ կը դառնայ, այլեւ կ’ընդլայնէ մասնակիցներու տարիքային սահմանները` այսպէս ձգտելով ուշադրութեան դաշտ բերել բազմաշերտ Սփիւռքի բոլոր հատուածները: 2014 թուականի ծրագիրը աչքի կ’իյնայ իւրայատկութեամբ մը եւս. այս տարի ծրագիրի ծիրէն ներս (6-րդ փուլ, օգոստոս 3-16) Հայաստան պիտի գան Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) ապրող շուրջ երեք տասնեակ իսլամացած հայեր`որպէս բացառութիւն առանց տարիքային սահմանափակման, որոնք երկար ժամանակ հեռու եղած են հայկական ինքնութենէն, լեզուէն, մշակոյթէն: Անոնք Թուրքիոյ տարածքին ապրող իսլամացած մեծաթիւ հայերու փոքրիկ բեկորն են, որոնց համար եկած է դարձի ժամանակը:
1915-էն ետք մահմետականութիւն ընդունած հայերու խնդիրը շատ երկար ժամանակ եղած է վարագուրուած, արգելանքի տակ, շատերը վախցած են բացայայտել իրենց մէջ ապրող հայը, որպէսզի խուսափին թրքական իշխանութիւններու կողմէ հալածանքներու ենթարկուելէն: Սակայն վերջին տարիներուն շրջադարձ արձանագրուած է. Հրանդ Տինքի սպանութիւնը խթան հանդիսացաւ, որպէսզի շատերը ոտքի կանգնին, բարձրաձայնեն իրենց ինքնութեան մասին, փորձեն պարզել իրենց ծագումնաբանութիւնը, մշակութային այն յենարանները, առանց որոնց այսօր այլեւս չեն կրնար ապրիլ: Ինքնութեան խնդիրը յատկապէս հիմա կը դառնայ կարեւոր, քանզի շատերուն համար եկած է մեծ դարձի ժամանակը, քանզի Ցեղասպանութեան մօտալուտ 100-րդ տարելիցը կը պարտադրէ շատերուն հասկնալ անցած դարասկիզբին մեծագոյն ողբերգութիւնը, պարզել դրդապատճառները եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի այն չկրկնուի:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր դռները բացած է յատկապէս այն երիտասարդներուն առջեւ, որոնք արդէն կը գիտակցին, որ իրենց Հայրենիքը Հայաստանն է, որ իրենց լեզուն հայերէնն է: Ուստի նախարարութիւնը նախանձախնդրօրէն արձագանքեց տիարպեքիրցի երիտասարդներու ցանկութեան եւ միջնորդ դարձաւ, որպէսզի անոնք գան Հայաստան, ապրին իրենց հասակակիցներու կողքին, ծանօթանան իրենց պապերու երկրին: Եւ շուտով այս երիտասարդները (անոնց հետ` նաեւ տարեցներ) Հայաստան պիտի գան: Անոնց համար մշակուած են յատուկ ծրագիրներ, որոնք էապէս կը տարբերին «Արի տան» հայրենաճանաչութեան աւանդական դարձած ծրագիրներէն ու ձեռնարկներէն:
Նախարարութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէ ճակատագիրի անողոք խաղով մահմետական դարձած մեր հայրենակիցներու ժառանգներուն, անոնց, որոնք կարճ Ժամանակ անց հպարտութեամբ պիտի ըսեն, որ իրենք հայ են: