«Արգիշտ» Դպրոցի 6 Սաները Տպաւորուած Են «Արի Տուն» Եւ «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց» Ծրագիրներով
Մերձմոսկովեան Պուշկինօ շրջանի Իվանտէեւկա քաղաքի «Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի 6 սան մասնակցած են Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2016» ծրագիրի 4-րդ փուլին եւ 2 սան «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի հայոց լեզուի (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացներուն:
Արդէն երկրորդ տարին է, որ «Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի աշակերտները կը մասնակցին «Արի տունէ ծրագիրին` իրենց ամառնային արձակուրդներու այս երկու շաբաթը վերածելով տօնի: Անոնք արդէն կը սպասեն յաջորդ ամառնային արձակուրդներու սկսելուն, որպէսզի մասնակից դառնան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրին:
Ահա թէ ինչ կը պատմեն աղջիկները․
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած ծրագիրներուն մասին իմացած եմ մեր «Արգիշտ» մէկօրեայ դպրոցէն: Երբ դպրոցէն լսեցի «Արի տուն» ծրագիրին մասին, շատ ոգեւորուեցայ: Նախորդ տարի չյաջողեցայ մասնակցիլ: Մեզմէ շատերը առաջին անգամ կ’երթային Հայաստան, շատ յուզուած էինք միեւնոյն ժամանակ շատ ոգեւորուած: Անհամբեր կը սպասէի եւ օրերը կը հաշուէի, թէ երբ պէտք է սկսի “Արի տուն” ծրագիրի 4-րդ փուլը: Նոյնիսկ գիշերը անքուն անցուցած եմ…»,- ոգեւորուած կը պատմէ Յովհաննիսեան Մարինէ:
«Անմոռանալի օրեր էին յատկապէս ճամբարային օրերը: Շրջագայութիւններու օրերուն եկեղեցիներ, յուշակոթողներ գացինք, տեսանք հայկական պատմական վայրեր: Ճաշի ժամանակ կ’երգէինք հայրենասիրական երգեր, կը պարէինք, եւ ես հոգիիս խորքը զգացի իմ հայ ըլլալս: Այդ յուշակոթողներուն, եկեղեցիներուն եւ հայկական վայրերուն մասին մեր հայոց պատմութեան ուսուցչուհի տիկին Վրացեան դասերու ժամանակ պատմած եւ ցուցադրած էր, բայց իմ աչքերովս տեսայ այդ ամէնը եւ ատիկա աննկարագրելի է»- կը պատմէ Թամարա Ներսիսեան:
«Շատ ուրախ եմ, որ մասնակցեցայ այս ծրագիրին, քանի որ ատոր շնորհիւ մենք աւելի ու աւելի հաւատարիմ կը մնանք մեր ազգային ինքնութեան եւ ալ աւելի բարձր կը պահենք հայ ազգի պատիւը Սփիւռքի մէջ»,- ըսաւ Մարինէ Դաւթեան:
«Անմոռանալի օրեր էին յատկապէս Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ անցուցած չորս օրերը: Այսուհետ մեզի հետ պիտի ըլլայ հայրենիքի սէրն ու ջերմութիւնը: Մեր ընկերներուն պիտի պատմենք Հայաստանի մէջ անցուցած օրերուն մասին, որ անոնք ալ մեզի պէս ոգեւորուին եւ գան իրենց աչքերով տեսնեն մեր հայրենիքը` Հայաստանը: Հայրենիքէն կ’երթանք միայն մէկ պայմանով` յաջորդ տարի անպայման կը վերադառնանք»,- ըսին Ռոզա եւ Լուիզա Մկլամեանները:
«Ես մասնակցած եմ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում» դասընթացներուն: Ընկերներս պատմած էին, թէ ինչ լաւ ուսուցողական ծրագիր է, որքան յագեցած ու հետաքրքրիր կ’ացնին օրերը: Այս տարի որոշեցի մասնակցիլ եւ անձամբ զգալ ընկերներուս պատմածը: Այդ քանի մը շաբաթները շատ արագ անցան, օրերը` ուրախ եւ հետաքրքիր: Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներու շնորհիւ մենք կրնանք ոչ միայն հայրենիքը ճանչնալ, այլեւ հարստացնել մեր գիտելիքները «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու փակման արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցայ իմ մենապարով, որ կը տարբերէր անով, որ այս անգամ հանդիստեսը Սփիւռքի նախարարութեան աձնակազմն էր եւ սփիւռքէն ժամանած երիտասարդներն էին, որոնք իրենց հայեացքներով ապահովեցին այն յուշերն ու զգացումները, որոնք կապուած են իմ հայ ըլլալուս եւ իմ հայրենիքիս հետ», պատմեց Լիլիթ Մելիքեան:
«Արգիշտ» հայկական մէկօրեայ դպրոցի տնօրինութիւնը, սաները եւ ծնողները շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան աշխատակիցներուն` Հայրենիք-Սփիւռք ամուր կապերու ստեղծման եւ ամրապնդման համար:
«Արգիշտ» մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն
Ազնիւ Պարոնեան