«Ես Կը Զգամ, Որ Հայաստանի Արեւը Ուրի՜շ Է, Անբացատրելի Ջերմութիւն Մը Ունի». Սեդա Օհանեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարի աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանի աշխատասենեակին մէջ հիւրընկալուած սուրիահայ Սեդա Օհանեանի( Սրբուհի Փալանճեան) երկնքի պէս վճիտ կապոյտ աչքերուն մէջ` ի նշան երախտագիտութեան յուզմունքէն ծովացած արցունքները ակամայէն յուզեցին նաեւ զիս.տիկին Սեդան եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու իր երկու թոռնիկներուն` 17-ամեայ Գրիգոր Քալայճեանին եւ 15-ամեայ Առէն Չաքրեանին «Արի տուն-2016» ծրագիրին մէջ ընդգրկելու եւ պատմելու երեխաներու ունեցած հրաշալի տպաւորութիւններուն մասին, որմէ ետք մեր խնդրանքով «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ  փոքր-ինչ կը ներկայացնէ նաեւ իր կեանքի պատմութենէն:

«Ամուսինս սասունցի է,  շատ երիտասարդ  ամուսնացած եմ եւ ամբողջ կեանքս ապրած սասունցիներու` այդ քաջ մարդոց միջավայրին մէջ: Հայրս` Յաբէթ Փալանճեան, Արաբկիրէն է,(հայրս կանուխէն մահացած է) մայրս` Մարի Տէմիրճան, Ուրֆայէն: 1915-ի ջարդէն փրկուած մեր գերդաստանը հաստատուած է Սուրիա. ես ծնած եմ Սուրիոյ մէջ,  եղբայր մը ունիմ` Մինաս  Փալանճեան, որ յայտնի է Հալէպի մէջ` որպէս երգիչ.մէկուկէս ամիս առաջ ան տեղափոխուած է Հայաստան, Հայրենիքի մէջ  հաստատուած է նաեւ աղջիկս` Մարալը, որուն ամուսինը` Վաչէն, լաւ արհեստաւոր է, ամէն մէկ մատը մէկ ոսկի է, հիմա Երեւանի մէջ շարժիչներու աշխատանքով կը զբաղի: Ես չորս երեխաներու մայր եմ . երկու տղայ եւ երկու աղջիկ ունիմ. փա՛ռք Աստուծոյ, լաւ երեխաներ ունիմ, բոլորն ալ ամուսնացած են:  4-րդ անգամ կու գամ Հայաստան, Արցախ ալ  գացած եմ. 2000-ին ալ այցելած եմ Արցախ, 4 օր մնացած եմ այնտեղ, հրաշալի բնութիւն ունի, ժողովուրդն ալ շատ լաւ է: Ես  արդէն մէկ ամիս է, որ այստեղ եմ, կարօտս կ’առնեմ Հայաստանէն ու իմ հարազատներէս: Երեխաները ճամբար գացած էին: Պարոն Զաքարեան ըսաւ, որ ուրբաթ օրը կրնամ երթալ ճամբար եւ ականատես ըլլալ հրաժեշտի ձեռնարկին, խարոյկին,  սակայն տղաները ըսին, որ չերթանք, իրենց ալ շուտ չբերենք, կ’ուզեն  յաջորդ օրն ալ այնտեղ մնալ եւ միւս երեխաներուն հետ վերադառնալ տուն:  Այս ամէնը արդէն ամէն ինչ կ’ըսէ. յետոյ թոռնիկներս այնքա՜ն ոգեւորուած էին իրենց տպաւորութիւններով, կը պատմէին ու կը պատմէին….Սա երջանկութիւն է, որուն համար իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարին, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանին, աշխատակազմի ղեկավար պարոն Զաքարեանին, ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն, ուսուցիչներուն. մեր երեխաները լաւ գիտեն հայոց լեզուն, սակայն հայերէնի դասընթացներուն ընթացքին կրցան  հարստացնել իրենց բառապաշարը, մեր սուրիահայերը շատ հայրենասէր են  ու հաւատքով, մեր զաւակները ծնած օրուընէ կը սորվին  մայրենի լեզուն, հայրենասիրական երգեր, կը զօրանան հաւատքով եւ, այնուամենայնիւ, այս ծրագիրի  ծիրէն ներս եւս  շատ երգեր ու պարեր սորվեցան: Հոգեպէս մենք միշտ կապուած եղած ենք մեր Հայրենիքին, ականջալուր եղած ենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն, ապրած ենք Հայաստանի կեանքով, ուրախութիւններով ու տխրութիւններով, հոգերով: Առաջին անգամ Հայաստան եկայ 1988 թուականին, այդ ժամանակ օդանաւը խնդիր ունեցաւ, ինկաւ, սակայն, փառք Աստուծոյ, ոեւէ մէկուն բան չպատահեցաւ: Արուեստագէտներ կային ինքնաթիռին մէջ, երգիչներ…Աստուած  խնայեց մեզի: Երբ երկրաշարժը եղաւ, ամուսինս (Աստուած հոգին լուսաւորէ, շատ լաւ մարդ էր) սովորութիւն ունէր  ամէն առաւօտ ռատիօ լսելու. տեսայ, որ կու լայ, հարցուցի, թէ ինչ  եղած է, ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ երկրաշարժ եղած է, եւ շատ մարդ  մահացած է, այնուհետեւ ըսի` երանի այդ օդանաւին մէջ եղածներս  զոհուէինք, սակայն այդքան մարդ երկրաշարժէն չմահանար… համրացած էինք: Հայրենիքը ոտքի կանգնեցաւ, դժուար էր. հիմա ալ Սուրիոյ վիճակը, չենք գիտեր, թէ վերջը ինչ պիտի ըլլայ. բայց կը նեղուիմ, որ սուրիահայերը Հայաստանէն Գանատա կը մեկնին: Հաւատացէ՛ք, ես  կը զգամ, որ այստեղի արեւը ուրիշ ջերմութիւն ունի, ուրի՜շ են ճառագայթներն արեւի»,- այս  ոգեւորիչ  խօսքերով աւարտեց  մեր զրոյցը  երախտագէտ հայուհիի` տիկին Սեդայի հետ. հայու այս տեսա՛կը, որ ամէնուր   հպարտանալու առիթ կու տայ եւ կը համոզուիս, որ  հայու յարատեւութեան բանաձեւը իր  մարդկային այսօրինակ արժէքներու կենսունակութիւնն է:

Կարինէ Աւագեան 

Սրապիոնյան

Scroll Up