«Արի Տուն»-ը Նաեւ Մկրտութեան Իւրօրինակ Աւազան Է». Խաչիկ Յովհաննիսեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան լաւագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկն ալ «Արի տուն» հայրենաճանաչողական ծրագիրն է, որուն շնորհիւ աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ ապրող հայորդիները կը ծանօթանան, կը բարեկամանան իրարու հետ, կը սորվին մէկը միւսէն, կը խորհրդակցին, կը կիսուին իրենց ունեցած գիտելիքներով, ուսման բնագաւառին մէջ յաջողութիւններով, ձեռքբերումներով: «Արի տուն»-ը նաեւ բարեկամութեան իւրօրինակ հարթակ է. իր գոյութեան 8 տարիներուն ընթացքին այս սիրուած ու մեծ ժողովրդականութիւն վայելող ծրագիրի ծիրէն ներս հիմք դրուած է նաեւ սիրոյ գեղեցիկ պատմութիւններու` աւարտելով հայկական աւանդական հարսանիքներով: Յուզիչ  պատմութիւն մըն է նաեւ վերջերս Էջմիածինի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մկրտութեան արարողութիւնը, որուն նախապատմութիւնը եւս «Արի տուն» ծրագիրէն  ծնունդ առած է: Վրաստանի Ծալկայի շրջանէն «Արի տան» մասնակիցներ Նուշիկ եւ Անուշիկ (մկրտութեան անուններով`Գայեանէ եւ Հռիփսիմէ) քոյրիկները մկրտուեցան Հայրենիքի մէջ` կնքահայր ընտրելով Արարատէն Խաչիկ Յովհաննիսեանը, որուն տան մէջ ծրագիրի ծիրէն ներս հիւրընկալուած է քոյրիկներէն մէկը, այնուհետեւ իր հօրը պատմած է այդ հրաշալի ընտանիքին կողմէ ստացած ջերմ ու հոգատար վերաբերմունքին մասին եւ առաջարկած իր ծնողներուն իրենց մկրտութիւնը իրականացնել Հայաստանի մէջ` կնքահայր ընտրելով Խաչիկ Յովհաննիսեանը, որ սիրով համաձայնած է: «Հայերն այսօր»-ի համար մեր զրոյցին ընթացքին Խաչիկ Յովհաննիսեան աւելի մանրամասն պատմեց այդ պատմութիւնը:

«Երկու տարի առաջ իմ մանկութեան ընկերս `ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան,  խումբ մը երեխաներ բերաւ մեր գիւղ` Աւշար, բաժնեց հիւրընկալ ընտանիքներուն եւ հարցուց, թէ ես կը ցանկա՞մ  ոեւէ երեխայի հիւրընկալել իմ տունս. սիրով համաձայնեցայ եւ մեր յարկին ներքոյ հիւրընկալեցի երկու երեխաներու: Անոնցմէ մէկը ցանկացաւ, որ դառնամ իր կնքահայրը, ես մեծ սիրով համաձայնեցայ, եւ այսօր կ’իրականանայ այդ երեխաներուն, նաեւ `իմ բաղձալի երազանքը: Ուրախ եմ, որ կրնամ  փոքրիկ ներդրում մը ունենալ այս հայրենանուէր գործին մէջ: Մինչ այս մկրտութիւնը` ես եղած եմ կնքահայր, սանիկներ ունիմ, սակայն այս մկրտութեան խորհուրդը կ’առանձնանայ անով, որ իմ սանիկներս դուրսէն են`Վրաստանէն, խորհուրդը մեծ է նաեւ հէ՛նց Էջմիածնի մէջ մկրտուելու առումով, անոնք կարծես ուխտագնացութեան եկած են: «Արի տուն» ծրագիրի, այս պարմանիներու շնորհիւ մեր ընտանիքները բարեկամացան, եւ Սփիւռք-Հայաստան գեղեցիկ կամուրջ մը դրուեցաւ: Յիրաւի՛, ողջունելի է Սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչողական այս ծրագիրը, որուն շնորհիւ դուրսը ապրող մեր հայորդիները կը ծանօթանան իրենց Հայրենիքը, իսկ հիւրընկալ ընտանիքներուն մէջ`ինչպէս հարազատ օճախի, կը վայելեն հայկական աւանդական մթնոլորտի բոլոր գոյները, բոլոր բարիքներն ու մեր Հայաստանի արեւով լիցքաւորուած ջերմութիւնը: «Արի տուն»-ը նաեւ մկրտութեան իւրօրինակ աւազան է: Սրտանց պատրաստ եմ կրկին ստանձնելու հիւրընկալ ընտանիքի դերը. դուրսը ապրող հայորդիները նաեւ մե՛ր երեխաներն են. Հայրենիքի՛, մեր տան դռները միշտ բաց են անոնց առջեւ»:

Խաչիկ Յովհաննիսեանի այս սրտառուչ խօսքերէն յետոյ մկրտութեան ու նոր սկսող բարեկամութեան առիթով իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին եւ՛ մկրտուողները, եւ՛ անոնց ծնողները:

Կարինէ Աւագեան

%d5%b4%d5%af%d6%80%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b69%d5%b4%d5%af%d6%80%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b68%d5%b4%d5%af%d6%80%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b67%d5%b4%d5%af%d6%80%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%b4%d5%af%d6%80%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b61 %d5%b4%d5%af%d6%80%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b64

 

Scroll Up