Քեսապի Շրջանին Մէջ Մարտեր Կ’ընթանան. Շահան Գանտահարեան

«Քեսապի հայ ազգաբնակչութիւնը համարեայ ամբողջութեամբ տարհանուած է: Փա´ռք Աստուծոյ, այս պահի դրութեամբ չկան մարդկային կորուստներ հայերու շրջանին մէջ: Տեղեկատուական պատերազմ է եւ կան շատ հակասական լուրեր: Ծովեզերեան Սուրիայէն ռուսական ռազմանաւեր կը շարժին դէպի թուրք-սուրիական սահմանագօտի: Իսկ դէպի Քեսապի շրջան նկատուած է բանակի զօրքերու կուտակում. կ’ընթանան մարտեր: Բայց ճիշդ գնահատական առայժմ կարելի չէ տալ, թէ կառավարական ուժերը յաջողա՞ծ է վերագրաւել դիրքերը»,- քիչ առաջ Լիբանանէն «Հայերն այսօր»-ին յայտնեց «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Ան աւելցուց, որ այս պահուն Լաթաքիոյ մէջ հայկական կազմակերպութիւնները աշխատանք կ’իրականացնեն ապաստան եւ համապատասխան կենցաղային օժանդակութիւններ տրամադրելու:

Scroll Up