Սուրիահայութեան Գոյութիւնը Վտանգուած Է
Սիրելի’ հայրենակիցներ,
Սուրիոյ` մասնաւորապէս Հալէպի մէջ, վտանգուած է հայկական երբեմնի ծաղկուն ու բարգաւաճ հայ համայնքի գոյութիւնը: Վերջին ժամանակներուն առաւել մեծ յաճախականութեամբ կը ռմբահարուին Հալէպի հայաշատ թաղամասերը, ի մասնաւորի` բացառապէս հայերով բնակեցուած Նոր Գիւղ թաղամասը: Դժբախտաբար կան զոհեր ու վիրաւորներ: Գրեթէ աւերուած են երբեմնի շէն ու ծաղկուն թաղամասերը, կը խոնարհուին հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները, ակումբներն ու մշակութային կեդրոնները:
Սուրիոյ մեր քոյրներն ու եղբայրները զրկուած են գոյատեւելու ամենատարրական միջոցներէն, օրերով զրկուած են ջուրէն ու սնունդէն…
ՀՀ նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով Հիմնադրամին բացուած է դրամային եւ արտարժոյթային դրամատնային հաշիւներ` աղէտի մէջ յայտնուած սուրիահայութեան օգնելու նպատակով:
Դիմելով մեր համահայկական կազմակերպութիւններուն, հայկական կառոյցներուն` կը խնդրենք Ձեր բնակութեան երկիրներու քաղաքական ղեկավարութենէն պահանջել աջակցիլ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացքին, ինչպէս նաեւ կազմակերպել նիւթական միջոցներու հաւաքում` Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար:
Ստորեւ նշուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաշուեհամարները սուրիահայութեան օժանդակութեան նպատակով:
«Արդշինինվեստբանկ» ՓԲԸ
ՀՀ. ք Երեւան, Գ.Լուսաւորչի 13, 0015
հ/հ No 2470100030900000 (AMD)
հ/հ No 2470100030900001 (USD)
SWIFT: ASHBAM22
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ
«Կոնվերս Բանկ» ՓԲԸ
ՀՀ. ք Երեւան, Վ. Սարգսեանի 26/1, 375010
հ/հ 1930000081130104 (EUR)
SWIFT: COVBAM22
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ
ՀՀ սփիւռքի նախարար
Հրանոյշ Յակոբեան