Նոր Լուրեր Քեսապէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/Без-имени-110.jpg)
Ապրիլ 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զրուցած է Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանի հետ, հետաքրքրուած քեսապահայութեան վիճակով, զօրքի հնարաւոր յառաջխաղացմամբ:
Քեսապի քաղաքապետը հաւաստիացուցած է, որ այս օրերուն ժողովուրդը աւելի հանգիստ է, օգնութիւն կը ստանայ, իսկ բանակը քայլ առ քայլ առաջ կը
շարժի:
38 պատանդներէն ազատ արձակուած են 24-ը, մնացած 14-ի կապակցութեամբ բանակցութիւնները դեռեւս կը շարունակուին:
Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր համահայկական կառոյցներուն, հայ եկեղեցւոյ միջազգային ու պետական կազմակերպութիւններուն աջակցութեան ու օգնութեան համար, որուն աշխուժօրէն կը հետեւին, ու յոյս յայտնած է, որ շուտով այս համատեղ պայքարը դրական ելքով աւարտ կ’ունենայ: